Աննա Յակոբեան Կ՛այցելէ Ատրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Կարէն Ղազարեանի Ծնողներուն
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, Օգոստոս 2-ին այցելեց Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Կարէն Ղազարեանի ծնողներուն: Հանրային պատկերասփիւռի «Օրակարգ» լրատուական ծրագիրը տեղեկացուց, որ վարչապետի տիկինը Կարէն Ղազարեանի ծնողներուն յայտնեց, որ այս պահուն ամենակարեւորը անոր մասին լուր ունենալն է:
Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղածին չափ շուտ Կարէն Ղազարեանի մասին լուր կ՛ունենան:
Կարէն Ղազարեանի ծնողները յայտնեցին, որ իրենց արդէն այցելած են Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի աշխատակիցները:
Աննա Յակոբեան խոստացաւ կապ հաստատել Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Վարչապետի տիկինը ընդգծեց, որ այս պարագային Կարէն Ղազարեանի հետ կապ հաստատելու միակ տարբերակը միջազգային ճնշումն է եւ ամէն ինչ աւելի դիւրին կ՛ըլլար, եթէ Հայաստանի կառավարութենէն կախուած որեւէ բան ըլլար:
Ղազարեանի ծնողները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին այն բանի մասին, որ ատրպեճանական լրատուամիջոցները իրենց զաւակը կը ներկայացնեն իբրեւ խափանարար, բան մը, որ արդէն հերքուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ:
