Ռոպերթ Քոչարեանի Նկատմամբ Ինչո՞ւ Խափանման Միջոց Ընտրուած է Կալանքը. ՅՔԾ Պետը կը Պարզաբանէ
Խափանման միջոցը կ՝ընտրուի՝ մեկնելով այն անհրաժեշտութենէն, որ ապահովուի կասկածեալի կամ մեղադրեալի պատշաճ վարքագիծը քննութեան ընթացքին: Այս մասին, ըստ News.am-ի, այսօրուան կառավարութեան նիստէն առաջ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեան՝ անդրադառնալով հարցին, թէ ինչու ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կիրառուած է կալանքը իբրեւ խափանման միջոց:
«Ինչ կը նշանակէ պատշաճ վարքագիծ: Կայ թիւր կարծիք, թէ պատշաճ վարգաքիծը ընդամէնը փախուստի դիմելու հաւանականութիւնն է, բայց միշտ կը մոռցուի իմ կարծիքով աւելի կարեւոր հանգամանքը, որ պատշաճ վարքագիծի բաղադրիչը մեղադրեալի կողմէն վարոյթին մասնակցող անձերուն վրայ ապօրինի ազդեցութիւնը բացառելն է: Այս կարեւոր նախապայմանէն մեկնելով ես կը կարծեմ, որ Ռոպերթ Քոչարեանին կալանքի տակ պահելը անհրաժեշտ է այս պահուն, որպէսզի մենք կարենանք լրիւ ծաւալով քննութիւն կատարել եւ բացառուի անոր ապօրինի ազդեցութիւնը վարոյթի մասնակիցներուն նկատմամբ»,- պարզաբանեց Սասուն Խաչատրեան։
