Երեւանի Քաղաքապետի ԲՀԿ-ի Թեկնածուն Նայիրա Զոհրապեանն է
Ազգային Ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան պիտի գլխաւորէ ԲՀԿ Երեւանի աւագանիի նախընտրական ցուցակը:
Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ԲՀԿ մամուլի խօսնակ Վանիկ Էլիզբարեանը:
«Երկրորդ տեղը «Կեդրոն» հեռուստաընկերութեան մեկնաբան Պետրոս Ղազարեանը կը գրաւէ», -ըսած է ան:
Երեւանի քաղաքապետի աթոռը թափուր է Յուլիս 9-էն` հանրապետական, մայրաքաղաքը եօթ տարի ղեկավարած Տարօն Մարգարեանի հրաժարականէն ետք:
Յուլիս 16-ի արտահերթ նիստի ընթացքին աւագանին իր կազմէն նոր քաղաքապետ չընտրեց, նիստը տապալեցաւ քուորումի բացակայութեան պատճառով: Այժմ կառավարութիւնը պէտք է ցրուէ աւագանին ու միաժամանակ նշանակէ արտահերթ ընտրութիւններ: Երեւանի մասին օրէնքի համաձայն` արտահերթ ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ աւագանիի լիազօրութիւններու ժամկէտը կրճատելէն ետք ոչ շուտ, քան 30, եւ ոչ ուշ, քան 40 օրուան ընթացքին:
