Երբ Նման Յայտարարութիւն Կ՝ընէք, կը Մտածէ՞ք Արդեօք Ձեր Զաւակներու Անվտանգութիւնը Ապահովող Սահմանին Կանգնած Զինուորի Մասին. Նայիրա Զոհրապեան
«Ծառուկեան» խմբակցութեան անդամ Նայիրա Զոհրապեան արձագանգած է ՀԱԿ անդամ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութեան, ըստ որուն ՝ «Ազատագրուած տարածքները Արցախի տարածքները չեն, անոնք գրաւեալ տարածքներ են, անոնք հայկական հողեր չեն եւ այդ հողերը պէտք է վերադարձուին»։
«Անկեղծ՝ չհաւատացի, որ Զոյա Թադեւոսեանը, կամ ոեւէ հայ մարդ կրնար նման բան ըսել։ Նայեցայ տեսանիւթը։ Ցնցիչ էր։ Մարդկային եւ բարոյական գետնի վրայ ցնցիչ։
Զոյա Թադեւոսեան, երբ դուք նման յայտարարութիւն կ՝ընէք, կը մտածէ՞ք արդեօք, որ այս պահուն առաջնագիծի վրայ կանգնած են մեր զինուորները, որոնք իրենց կեանքի գնով կը պահեն նաեւ ձեր եւ ձեր երեխաներուն անվտանգութիւնը։ Երբ դուք նման յայտարարութիւն կ՝ընէք, կը մտածէ՞ք արդեօք, որ այս պահուն զօրակոչը կը շարունակուի եւ ծնողը, որ իր որդին կ՝ուղարկէ առաջնագիծ, արդէն կարդացած է ձեր այդ խօսքերը։
Երբ դուք նման յայտարարութիւն կ՝ընէք, կը մտածէ՞ք արդեօք, թէ այդ պահուն ի՞նչ կը զգան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն ծնողները։ Դուք գոնէ կը հասկնա՞ք, որ երբ բանակցութիւններ կ՝ըլլան՝ ուղղակի կարելի չէ, հաստատ կարելի չէ նման յայտարարութիւններ ընել, որովհետեւ դուք կը տկարացնէք բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմին դիրքերը։
Ասիկա ես կ՝ըսեմ իբրեւ պատգամաւոր, ով երկար տարիներ կ՝աշխատի միջազգային կառոյցներու մէջ եւ, կը վստահեցնեմ ձեզի, հրաշալի գիտէ բանակցութիւններու ժամանակ ըսուած իւրաքանչիւր բառին արժէքը»,- գրած է Զոհրապեան դիմատետրի իր էջին:
