Ս՛ա Է Հայաստանը, Տիկնայք եւ Պարոնայք…
Արա Նախշքարեան
Ծրարուած լռութիւնս չէի կրնար այլեւս փակած պահել, բացի ու սկսայ
բարձրաձայն կարդալ։ Ով ականջ ունի թող լսէ…
Բոլորս ալ ժամանկ մը փոքր եղած ենք։ Ու ինչպէս յատուկ է մանկիկին, սիրած ենք հեքիաթներ լսել ծնողներէն, եւ ապա քնանալ ու սուզուիլ երազային անուրջներու մէջ։ Հաւանաբար մեզմէ ոմանք մինչեւ անգամ, երազի մէջ անմիջական մասնակցութիւն ալ ունեցած ըլլան ունկնդրած հեքիաթները երազի մէջ արտապատկերելու ժամանակ։ Ինչեւէ… Մտքիս խօսքը աւելի հեռու է… Մեր լսած հեքիաթներուն մէջ բացի այն, որ կը սկսէր ժուկով-ժամանակով եւ կ՝աւարտէր, երկինքէն թափուող երեք խնձորի խորհուրդով, կար այսպիսի պահ մը եւս. որպէսզի թագաւորութիւնները իրարու հետ հաշտ ու համերաշխ ապրէին, իրարու մէջ առեւտրային, մշակութային, բարի դրացիական յարաբերութիւններ զարգանար եւ հողային պահանջներ չըլլային ու պատերազմները դադրէին, իրարու մէջ խնամիական կապ կը հաստատէին, ու իբրեւ օժիտ՝ տարածքներ կը նուիրէին… Եւ այսպիսով, կը դադրէին քինախնդրութիւնն ու վրէժի զգացումը «բարեկամներ» ըլլալու պատճառով։ Չակերտներով գրեցի բարեկամ բառը, որովհետեւ անպայմանօրէն անոնցմէ մէկը դեռ միւսին հանդէպ իր մէջ, զայն գրաւելու հոգեբանական բարդոյթը այդպէս ալ չէ յաղթահարած եւ յարմար առիթի պարագային իր մաղձը պիտի թափէ։
Հիմա, որ կը նայիմ ու կը լսեմ մեր նորագոյն պատմութեան անկախ երկրի առաջին նախագահին, միանգամայ ետ կ՝երթամ մանկութիւն ու կը վերյիշեմ ծնողներէս լսած յօրինուած պատմութիւնները ու յստակ կը հասկնամ, որ մեր նախագահն ալ, ինչպէս մանուկ եղած էր, այդպէս ալ մնացած է իր մանկական մոլորակին մէջ… Արդէն մէկ անգամ ըսած եմ մտավախութեանս մասին ու հիմա ալ կրկնեմ. Երբ լսեցի, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը ցանկութիւն յայտնած էր հանդիպելու Վարչապետ Փաշինեանին, առաջին իսկ բանը, որ մտքէս անցաւ, այն էր, որ ասիկա պիտի թթուի Վարչապետի ականջին Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման եւ տարածքներու վերադարձման խնդիրով։ Հաւանաբար եւ Վարչապետը այդ հարցը փակուած էջ համարած է առանձնազրոյցին ժամանակ, բայց նախագահը հօ յիմար չէր. ան ամէն պարագայի ստուգած է տարածքը ու եղանակային պայմաններու, կարելիութեան չափն ու սահմանը, եւ ըսեմ, որ ան թէկուզ եւ վերացական, բայց ստացած է «արտօնութիւնը» ժողովուրդին մէջ այս մասին անուղղակի կերպով հաղորդագրութիւններ տարածելու համար։ (Այլապէս նորէն հին օրերու իր նոթագրած երգը երգել չէ՛ր տար իր երգիչ-երգչուհիներուն)։
Բանախօսներ կ՝ուղարկէ այս կամ այն, մեծ ու փոքր չափերով հարցազրոյցներ իրականացնելու համար յարմար լսարաններ, բանբերներու միջոցով իր խօսքը կը հասցնէ հասարակութեան լայն զանգուածներուն եւ քանի որ, ամէն պարագայի ժողովուրդը զզուած, յոգնած ու վախցած է իր մէկ հատիկը կորսնցնելու մտքէն, ստիպուած կը փորձէ ականջալուր ըլլալ… Համաձայնիլ, կա՛մ մասամբ համաձայնիլ… Չէ՞, որ աշխարհի վրայ չկայ շարքային մէկը որ պատերազմի ծարաւ է, եւ բոլորը կ՝ուզեն խաղաղութիւնը… Սակայն Հայու պարագային հարցը այլ հարթութեան վրայ է. Մենք, որ դարերով ծունկի բերած ենք բոլոր անոնց՝ որոնք փորձած են խախտել գիւղացիին՝ քունը որոշ ժամանակով մը քրիստոնէական ուսմունքին հաւատարիմ մնալու պատճառով, (այդքան, որ լաւ ուսմունք էր, ուրեմն թող այդ ուսմունքը տարածողներն ալ մնային այդ կարգին մէջ) դադրեցինք աշխարհի առաջատարներու ցուցակին մէջ մնալէ եւ փոքրացանք, խեղճացանք, նուաղեցանք ու նուազեցանք։ Բայց հիմա, երբ ամէն ինչ այլ կերպով դասաւորուեցաւ ու մենք յիշեցինք Արտաշէսեան փառաւոր թագաւորները, նորէն մեր մէջ ուժ գտնելով վերականգնեցինք մեր ինքնութիւնը, յաղթեցինք, ու աշխարհին ապացուցեցինք մեր արիական ոգիին ուժը… Յիշեցինք, որ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄԻՇՏ ՈՒԺԵՂԸ ԿԸ ՍԻՐԷ, ԵՒ ՄԻՇՏ ՅԱՂԹՈՂՆ Է ԹԵԼԱԴՐՈՂԸ… հիմա ի՞նչ դերի մը մէջ մտած ենք ու պարտուողական կերպարի մէջ կ՝ապրինք։ Ո՞վ ըսաւ, որ Արցախի մէջ, այն ինչ վերցուցած ենք ատիկա մերը չէր, ո՞վ ըսաւ, որ գրաւեալ է, ո՛չ ու էլի ո՛չ… գրաւեալ չէ՛, ԱԶԱՏԱԳՐԵԱԼ է… Աշխարհը կ՝ըսէ, որ Հայերը տեղաբնիկներ են, եւ անոնց երկիրը երեք ծովերու ափերով կը սահմանագծուի։ Կարելի է աշխարհի հնագոյն քարտէզները ուսումնասիրել, հասկնալու համար վերը նշածս։ Եւ վերջապէս, ո՞վ ըսաւ, որ կարելի չէ ուրիշի տուն մտնել առանց դուռը թակելու… Այո՛, կարելի չէ՛, բայց, երբ կը յիշես, որ այդ ուրիշը, երբ ուզած է տունդ մտած է իր ցեխոտ տրեխներով եւ առանց արտօնութեան օգտուած է սեղանիդ բարիքներէն, մինչեւ անգամ հացի վերջին փշուրը խլելով զաւակիդ բերանէն, կը հասկնաս, որ պէտք է, եւ ժամանակի պահանջ է իրական ըմբոստ կեցուածքը…
Կը զարմանամ անվերջ, գիտէ՞ք. ենթադրենք, տարածքները գրաւեալ են (քաւ լիցի), ու ի՞նչ… Բայդ այդ, որ ուրիշները կը գրաւեն միւսներուն տարածքները ու բռունցքները խփելով սեղանին, կը սպառնան աւելորդ շարժումի պարագային իսպառ բնաջնջում, ինչպէ՞ս է, որ երրորդ կողմը լուռ կը մնայ։ Մենք նման դէպքեր մեր պատմութեան ընթացքին շատ ունեցած ենք, ականատես եղած ենք եւ ունկնդիր… ու ատոր հետեւանքով մնացած ենք անպաշտպան եւ լքուած ըլլալով խեղդուած ենք պատմութեան յորձանուտին մէջ, ոչ մէկ փրկօղակ չըլլալուն պատճառով։ Հիմա կարգը եկած է մեզի… Հիմա մենք արթնցած ենք թմբիրէն, ցոյց տուած ենք վիրաւոր գազանի ինքնասիրութիւնը պաշտպանող, ու ինքնութիւնը պահպանող ոգիի դրսեւորում։ Շահան Նաթալին նման պարագաներու պիտի ըսէր.
«ՈՒՆԷԻՆՔ ԱՉՔ… ՈՒ ՉՈՒԶԵՑԻՆ՛Ք ՏԵՍՆԵԼ:
ԵՐԲ ՏԵՍԱՆՔ… ՉՈՒԶԵՑԻՆ՛Ք ՀԱՒԱՏԱԼ:
ԿԸ ՄՈՐԹՈՒԻՆՔ…
ԲԱՅՑ ՉԷՆՔ ՈՒԶԵՐ ՍՈՐՎԻԼ ՈՂ՛Ջ ՄՆԱԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ:
ԵԹԷ ՈՒԶԷՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ԳԷԹ ՄԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ… ՈՒՆԻՆՔ ՇԱՏ ԲԱՆ ՍՈՐՎԵԼԻՔ:
«ԹՈՂ ԱՆԳԱՄ ՄԸՆ ԱԼ ՀԱՅՆ ԸԼԼԱՐ ՈՃՐԱԳՈՐԾ, ԹՈՂ ԱՆԳԱՄ ՄԸՆ ԱԼ ՀԱՅՆ ԸԼԼԱՐ ԲԱՐԲԱՐՈՍ ՈՒ ԳԱԶԱՆ: ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԵՌ ՉԿՐՑԱՆՔ ՀԱՍԿՆԱԼ, ՈՐ ՈՃՐԱԳՈՐԾՆ ՈՒ ԳԱԶԱՆԸ ԲՕՇԱՅԷՆ Աւելի Կ՚ԱՐԺԵՆ: ԱՆՈՆՑ Արիւնը ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԾԱԽՈՒ ՉԻ ՀԱՆՈՒԻՐ, ԱՅԼ ԱՆՈՆՑ ՀԵՏ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻՆ:
…ՀԱՅՆ ԱՅՍՕՐ Մանաւանդ, ԱՇԽԱՐՀԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՅԱՆԴՈՒԳՆ: ՈՎ ՈՐ ՈՉԻՆՉ ՈՒՆԻ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼԻՔ, ՈՉԻՆՉ ՈՒՆԻ ՎԱԽՆԱԼԻՔ»:
Հիմա ինչ սարսափ կը տարածենք, պարտուողական հոգեբանութեամբ կը փախինք մեր իրական ոգիի զօրութենէն։ Հիմա Մհերը այլեւս դուրս եկած է Ագռաւաքարէն, հիմա ժողովուրդները ազգերու հպատակները պիտի ըլլան, եւ ո՛չ աւելին։ Ազգային ոգին երբեք չէ սիրած Գետադարձներու եւ Աւեներու աղտոտ տեսակը, եւ միշտ արդարհատուցման շողշողուն սուրը անսասան կերպով իջեցուցած է անոնց պարանոցներուն… Յուսամ, այս սկզբունքը դեռ կը գործէ հայ իրականութեան մէջ…
ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ.
1. https://m.facebook.com/groups/1545973452285390…
2. https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=1210989298945616&id=100001036716021
