ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Յիսնամեակի Տօնակատարութեանց Մեկնարկը Տրուած է

Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարբեր սերունդներու անդամներ ի մի եկան Կիրակի, Յուլիս 15-ին կայացած յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին՝ նախաքայլը առնելով մասնաճիւղի յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն, որոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 8-ին կայանալիք ձեռնարկը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՄԸՄ-ի անդրանիկը հանդիսացող Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը հաստատուած է քաղաքի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ եւ կը հանդիսանայ սկաուտական եւ մարզական ամենաաշխոյժ գործունէութիւնը մշակող ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերէն մէկը։

Յուլիս 15-ի հաւաքին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր մասնաճիւղի երկարամեայ անդամներէն՝ Մհեր եւ Սօսի Դաւիթեան ամոլը։

Հաւաքին ներկայ էին մասնաճիւղի անցեալի եւ ներկայ վարչութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններէն ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄ-ականներ։ Մօտաւորապէս 70 ներկաներուն մէջ էին նաեւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ռումանահայերու «Ռաֆ-ֆի» մշակութային միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամները բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն՝ անոնց ներկայացնելով իր ոսկեայ տարեդարձը տօնող մասնաճիւղի ապագայ տեսլականը։

Յիսնամեակի յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ Սթիւ Արթինեանի, ներկայացուց յիսնամեակի տօնակատարութեան ծրագիրները՝ կեդրոնանալով յատկապէս Սեպտեմբեր 8ի ճաշկերոյթին վրայ, որ տեղի պիտի ունենայ Սթուտիօ Սիթիի «Սի.Պի.Էս. Սթուտիօ Սենթըր»-ի սրահին մէջ (4024 Radford Ave., Studio City, CA 91604)։

Ընդունելութիւնը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ամենատարեց անդամը՝ 101ամեայ Ցոլակ Յովսէփեանը, որուն լամբակին ոսկեայ յատուկ շքանշան մը դրաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Օննիկ Պէրպէրեան, միաժամանակ դրուատելով Յովսէփեանի լուսանկարչական եւ համայնքային աշխոյժ գործունէութիւնը։

Հաւաքոյթին ընթացքին նաեւ յայտարարուեցան յիսնամեակի ձեռարկի սեղաններու հովանաւորներուն կամ նուիրատուներուն անունները։

ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակին զուգադիպող ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յիսնամեակին նուիրուած Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8ի ձեռնարկի տոմսերուն եւ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել https://goo.gl/LR6nwY կայքէջը։

Leave a Reply