ՀՀ Վարչապետը Իր Պաշտօնավարման 100-րդ Օրը Ամփոփելու Հանրահաւաք կը Հրաւիրէ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Օգոստոս 17-ին, ժամը 18:30-ին, կը հրաւիրէ Հանրապետութեան հրապարակ հանրահաւաքի՝ ներկայացնելու իր 100-օրեայ պաշտօնավարման արդիւնքները: Այս մասին վարչապետը յայտարարեց դիմատետրի ուղիղ հեռարձակման միջոցով:

«Շուտով կը լրանայ վարչապետ ընտրուելուս 100 օրը, եւ ես կ՝առաջարկեմ, որ մենք, Օգոստոս 17-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ մեր աւանդական դարձած հանդիպման վայրը՝ մեծ հանրահաւաք հրաւիրենք: Դուք չեմ գիտեր ինչպէս, բայց ես ձեզ շատ կարօտցած եմ: Ես կ՝ուզեմ, որ մենք նորէն շփուելու հնարաւորութիւն ունենանք»,- կ՝ըսէ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետին խօսքով՝ կը սպասուի չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն, որուն իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է: Տեղի պիտի ունենայ կարեւոր խօսակցութիւն, թէ ինչ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ անոր պաշտօնավարման 100 օրուան ընթացքին, կառավարութիւնը ինչ քայլեր ձեռնարկած է եւ պիտի ձեռնարկէ թռիչքաձեւ զարգացում ապահովելու համար:

«Պէտք է խօսինք, թէ ինչ հնարաւորութիւններ ու մարտահրաւէրներ կան, ինչպէս պիտի  կարենանք անոնց հետ աշխատիլ. հնարաւորութիւնները՝ օգտագործել, մարտահրաւէրները՝ կառավարել: Շատ կարեւոր հանդիպում է՝ ապագայի կայուն հիմքերը դնելու եւ գործնականօրէն Հայաստանի զարգացման մեկնարկը տալու առումով: Նաեւ պիտի խօսինք այն խնդիրներուն մասին, որոնց այս ընթացքին պիտի բախինք եւ որոնց կառավարումով ու լուծումով զբաղած ենք»,- կ՝եզրափակէ վարչապետը:

 

Leave a Reply