Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցածները Չեն Կրնար Մեզ Չանհանգստացնել. Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, Յուլիս 31-ին, մեկնաբանած է Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները՝ նշելով. «Երբ Մայիսին Հայաստանի մէջ քաղաքական ճգնաժամ էր, մենք մեծ գոհունակութեամբ նշեցինք, որ ճգնաժամին լուծումը ի վերջոյ գտնուեցաւ՝ փոխ-զիջումի հիման վրայ, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն մասնակցութեամբ: Մենք յոյս ունէինք, որ հիմնուելով այդ արդիւնքին վրայ՝ բոլոր քաղաքական ուժերը ու առաջին հերթին Հայաստանի նոր իշխանութիւնները յառաջ պիտի քշէին ազգային համաձայնութեան ամրապնդումը»։
Ըստ Mediamax.am-ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած Լաւրովի մեկնաբանութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Սակայն, վերջին օրերու իրադարձութիւնները ակնյայտօրէն կը խախտեն այդպիսի դրական տրամադրուածութիւն եւ կը հակասեն Հայաստանի նոր ղեկավարութեան վերջերս կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ՝ իրենք մտադրութիւն չունին իրենց նախորդներու հետապնդումը կազմակերպել քաղաքական դրդապատճառներով: Ռուսիա, իբրեւ Երեւանի դաշնակից, միշտ հետաքրքրուած է հայկական պետութեան կայունութեան ապահովումով: Այդ պատճառով ալ, հոն տեղի ունեցածները չեն կրնար մեզ չանհանգստացնել, յատկապէս երբ Հայաստան անդամ է ԱՊՀ տարածքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն: Վերջին օրերուն, մենք մեր մտահոգութիւնները քանի մը առիթով փոխանցած ենք Հայաստանի ղեկավարութեան: Յոյս ունինք, որ իրավիճակը մուտք կը գործէ կառուցողական հուն»:
