ՀԱԿ Ներկայացուցիչին Յայտարարութիւնը Ազգային Շահերուն Քաղաքական Դաւաճանութիւն է. Ստեփանակերտ

Հայաստան

Հայ ազգային կոնգրէսի (ՀԱԿ) ներկայացուցիչ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ազգային շահերուն քաղաքական դաւաճանութիւն: Այս մասին, ըստ News.am-ի, նշած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:

Յիշեցնենք, որ Զոյա Թադեւոսեան նախօրէին մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին ենթադրութիւն յայտնած էր տարածքներու դիմաց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւորութեան մասին, որոնք, տիկին Թադեւոսեանի կարծիքով, բուն հայկական չեն:

«Ոմանք հրաշալի կը խօսին հայերէն, բայց արդեօք անոնք հայերէ՞ն կը մտածեն: Նշուած տիկնոջ լսելով՝ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ մեր առջեւ ո՛չ թէ հայկական կուսակցութեան ներկայացուցիչ է, այլ՝ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի: Զարմանալի է, որ հասարակութեան մէջ մարդիկ կան, որոնք նման կարծիք կը յայտնեն: Ասիկա սարսափելի է: Ասիկա ազգային շահերուն քաղաքական դաւաճանութիւն է, բարոյական վճիռի դրսեւորում»,- շեշտած է Դաւիթ Բաբայեան:

Միաժամանակ, ան բոլոր անոնց, որոնք նման կարծիք ունին, յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ձգտած է անկախութիւն ձեռք բերել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, իսկ պատերազմը Ատրպէյճանը պարտադրած է: «Ի պատասխան Ատրպէյճանի յարձակման՝ մենք ստիպուած էինք ազատագրելու հայկական պատմական հողերը: Հակառակ պարագային Ղարաբաղի ժողովուրդին բնաջնջում կը սպառնար: Գիտնալով, թէ ինչով կը սպառնայ Արցախի անվտանգութեան համակարգի թուլացումը՝ ոչ միայն հանրապետութեան, այլեւ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար անթոյլատրելի է նման յայտարարութիւններ ընելը: Կը մնայ միայն յոյս ունենալ, որ այդ յայտարարութեան հեղինակի գլխուն հետ սխալ բան կայ: Հակառակ պարագային անհրաժեշտ է իրադարձութիւններու նման զարգացում չարտօնել»,- նշած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարը:

Դաւիթ Բաբայեան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը, ըստ էութեան, իրեն աւելի ազնիւ կը պահէ՝ բացայայտ յայտարարելով Արցախը ոչնչացնելու մտադրութեան մասին, իսկ նման անձերու յայտարարութիւնները արդարացում չունին. «Այդպիսի մարդիկ պիտի ամչնան փողոց ելլելէն»:

 

Leave a Reply