Կարօ Փայլան կը Շարունակէ Աջակցիլ Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Ամերիկացի Հոգեւորականին
Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Twitter»-ի իր էջին կատարած է իր հերթական արձանագրութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընի։ Վերջինս կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կառոյցներու հետ կապ ունենալուն մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
«Հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսոնը անհեթեթ մեղադրանքներով պատանդ պահելու յամառութիւնը մեր երկրին մեծ վնաս պիտի հասցնէ։ Անիկա պիտի յանգեցնէ ԱՄՆ-ի կողմէ մեզի հանդէպ պատժամիջոցներու կիրառումին»,- գրած է Փայլան։
Յիշեցնենք, որ վերջերս ԱՄՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաները Թուրքիոյ սպառնացին շարք մը պատժամիջոցներով, եթէ Անգարան ազատ չարձակէ Պրանսընը։
Փայլան նախապէս ալ անդրադարձած էր Պրանսընի շուրջ ընթացող գործին։ Ան Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեղադրած էր, որ հոգեւորականը կ՝օգտագործեն իրենց «կեղտոտ գործարքներուն մէջ»։
