ԱՄՆ Քոնկրէսականները Երկրի Նախագահին Կոչ Կ՝ընեն Հանդիպելու Հայաստանի Վարչապետին
ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի նախաձեռնած նամակը, որուն աջակցած են Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին հարցերու յանձնաժողովի եւ հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովի ղեկավարները եւ որ ստորագրած է քոնկրէսի 48 անդամ, ուղարկուած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
Անոնք իրենց նամակով կոչ կ՝ընեն Թրամփին հանդիպելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ հայ-ամերիկեան երկխօսութիւնը եւ երկկողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ խորացնելու համար:
«Կ՝ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ԱՄՆ քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք միացած են այս նամակին: Մենք կը միանանք մեր օրէնսդիր ընկերներուն՝ բարձր մակարդակով երկխօսութիւնը եւ երկկողմ առաջնահերթութիւններու ծիրէն ներս համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք հայ-ամերիկեան փոխշահաւէտ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցին»,- ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
