Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան Անդամները Ոգեկոչեցին Լիզպոնի Ողջակէզներուն Յիշատակը

Սփիւռք

Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2018-ին, Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ գտնուող Լիզպոնի գործողութեան հինգ նահատակներուն յուշակոթողին մօտ, Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան Հալէպի մասնաճիւղերու անդամները ոգեկոչեցին Լիզպոնի տղոց յիշատակը, ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց ու լուսարձակի տակ բերելով Լիզպոնի հինգին պահանջատիրական ոգին, իրենց անձը զոհաբերելով միջազգային լռութեան պատը քանդելու յանդգնութիւնը, յիշատակեցին Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

 

Leave a Reply