Երեւանի Մէջ Յուլիս 31-ին Օդի Ջերմաստիճանը 42 Աստիճանի Պիտի Հասնի
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երկրի մէջ անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ցուցանիշը կը կանխատեսուի 6, որուն համար խորհուրդ կը տրուի ժամը 11:00-15:00 երկարող ժամանակահատուածին խուսափելու արեգակի ուղիղ ճառագայթներէն:
Հանրապետութեան տարածքին, Յուլիս 30-ի ցերեկը եւ 31-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, Օգոստոս 1-2 հիւսիսային շրջաններու մէջ, 3-4՝ շրջաններու զգալի մասին մէջ գիշերը եւ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ:
Օդի ջերմաստիճանը Օգոստոս 2-4 աստիճանաբար պիտի նուազի 7-8 աստիճան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Երեւանի մէջ, Յուլիս 30-ի ցերեկը, 31-ին, Օգոստոս 1-2-ին՝ երեկոյեան ժամերուն, առանձին հատուածներու մէջ, 3-4՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք, կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ: Երեւանի մէջ Յուլիս 31-ին օդի ջերմաստիճանը պիտի հասնի մինչեւ 42 աստիճանի:

