Դաշնակցութիւնը կը Սնանի Հայրենիքով ու Հայ Ժողովուրդով
Սեդօ Պոյաճեան
Հակադաշնակցականութիւնը այն ախտն է, որ կը կրծէ եւ կը մաշեցնէ միայն հակադաշնակցականը։ Շատերու պարագային, անբուժելի է այս հիւանդութիւնը։ Մանաւա՛նդ անոնց պարագային, որոնք հակադաշնակցական կ՝ըլլան խանձարուրէն կամ վարձկանութենէն, կամ՝ երկուքէն ալ։
Օրինակ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պարագային, հակադաշնակցականութիւնը խանձարուրէն կու գայ։ Գոյութիւն ունին անոր նման ուրիշներ եւս։ Խանձարուրէն հակադաշնակցական մարդոց վրայ հիմա պէտք է աւելցնել նոր մը եւս՝ Կարպիս Փաշոյեան անունով։ Պէ՛տք է յիշել Կարպիսը։ Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ առաջին փոխ վարչապետի երբեմնի բանբեր Կարպիսը, որ ի լուր աշխարհի կ՝արհամարհէր Արցախի պաշտպանութեան համար զոհուած մեր նահատակները։
Այս նոյն Կարպիսը քանի մը ժամ առաջ իր դիմատետրի էջին տեղադրած էր հետեւեալը.-
«Եթէ Տէր-Պետրոսեանը ըրած է ճիշդ քայլ մը՝ այդ քայլը Դաշնակցութեան չեզոքացումն է:»
Ասիկա մտային ստահակութիւն չէ միայն։ Ասիկա հոգեկան տարողութեամբ մտային հիւանդութիւն է, որմէ ենթական կը վարակուի խանձարուրէն։
Անշուշտ, եւս գոյութիւն ունի այլ տեսակ մը՝ վարձկանութենէն հակադաշնակցականը։ Այս տեսակը կը սնանի օտար դրամանիշով։
Ուրեմն, հակադաշնակցականի մէկ տեսակը խանձարուրէն կը սնանի հակադաշնակցականութեամբ, իսկ միւս տեսակը՝ օտարածին դրամանիշէն, ըլլայ ատիկա տոլար, ռուբլի, թէ թրքական լիրա…։
Իսկ Դաշնակցութի՜ւնը։ Դաշնակցութիւնը կը սնանի հայրենիքով ու հայ ժողովուրդով։
Դաշնակցութիւնը կը սնանի Հայաստանի անվտանգութեամբ եւ հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճութեամբ։ Դաշնակցութիւնը կը սնանի հայրենիքի անկախութեան պահպանումով եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումով։Դաշնակցութիւնը կը սնանի Արցախի անկախութեամբ եւ Արցախեան հողատարածքներու պաշտպանութեամբ։ Դաշնակցութիւնը կը սնանի Սփիւռքի անքակտելիութեամբ եւ գաղթօճախներու քաղաքականացումով։ Եւ տակաւին Դաշնակցութիւնը կը սնանի հայրենական հողատարածքներու ազատագրումով։
