Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Ուղերձը՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Անմար Յիշատակին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սիրելի հայորդիներ,

35 տարի առաջ, այս օրերուն, մեր հոգիները փոթորկեցան ի տես եւ ի լուր աննախընթաց արարքի մը, զոր Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ իրագործեցին հինգ հայ երիտասարդ հերոսներ՝ Սիմոն Եահնէեան, Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեան։ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ յանդուգն գործողութեամբ եւ իրենց կեանքը զոհաբերելով՝ անոնք աշխարհին յիշեցուցին, որ Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայրենի հող կորսնցուցած հայ ժողովուրդը չէ մոռցած ու պիտի չմոռնայ իր իրաւունքները, Թուրքիոյ պետութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ արդար ու ամբողջական հատուցում։

27 Յուլիս 1983-ին, հինգ երիտասարդ կեանքեր մատուցուեցան մեր Դատի զոհասեղանին. անոնք գացին միանալու մեր պատմութիւնը կերտած բոլոր նահատակներուն, որոնք դարերու ընթացքին մարտնչած էին վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց եւ ազգային իրաւունքի։ Անոնց արարքը արձագանգ մըն էր այն խիզախումին, որ 15 դարեր առաջ վկայագրուած էր Վարդանանց ու Վահանեանց հերոսամարտերով։ Եւ ինչպէս որ Ս. Վարդանանց աննահանջ պայքարը յանգեցաւ Վահանեանց քաջարի յաղթանակին՝ Նուարսակի դաշնագիրին ամրագրումով, Լիզպոնի հերոսները եւս հաւատացին, որ իրենց զոհաբերութիւնը նոր Նուարսակներ պիտի բերէ մեր ժամանակակից պատմութեան։

Լիզպոնի Հինգը չէին սխալած։ Անոնց նահատակութենէն հազիւ 5 տարի ետք, ձայն մը հնչեց Արցախի բարձունքներէն. բազմահազար երիտասարդներ, ու անոնց հետ ամբողջ հայութիւնը ոտքի կանգնեցան՝ կերտելու մեր նորագոյն պատմութեան փառապանծ հերոսամարտերը, ապահովեցին Արցախի ազատագրումը. վերականգնեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը եւ ահաւասիկ վերջին ամիսներուն նոր թափով կը քալէ դէպի հայրենակերտում ու ժողովուրդի բարօրութեան ապահովում։

Սիրելիներ, վստա՛հ եղէք, որ Արցախի ու Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած խիզախումներուն ի տես, Լիզպոնի հերոսներուն, նաեւ մեր անցեալի ու այժմու նահատակներուն հոգիները կը հրճուին եւ կը զգան, թէ անմահ են, պիտի մնան անմահ։ Մեր նահատակներուն արեամբ ոռոգուած պայքարի էջերը կրնան վաղն ալ նոր զոհաբերութիւններ արձանագրել, սակայն իւրաքանչիւր իմացեալ զոհաբերութիւն նոր քայլ մը պիտի աւելցնէ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղիին վրայ, նոր մղում պիտի տայ մեր պայքարին, որ պիտի շարժի մի՛շտ յառաջ, մինչեւ մեր արդար իրաւունքներուն, բոլո՛ր իրաւունքներուն իրականացումը։ Նոր սերունդներ, նոր երիտասարդներ պիտի գան յանձն առնելու Լիզպոնի ու մերօրեայ հերոսներուն բարձրացուցած ջահը, ու մենք ազգովին՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի մէն մի օճախին մէջ պիտի վկայենք, որ մեր հերոսներուն նահատակութիւնը ի զուր չէ անցած, իմացեալ մահուան դիմողները, ինչպէս Վարդանանք, իբրեւ լուսաւոր փարոսներ կը կանգնին մեր ազգային առաքելութեան ուղիին վրայ ու մեզ անշեղօրէն կ՛առաջնորդեն դէպի մեր ազգային տենչերուն իրականացումը, դէպի հողահաւաք, դէպի ազգահաւաք, դէպի արդար հատուցում ու ամբողջական յաղթանակ։

Այսօր, երբ անգամ մը եւս աղօթքով ու խունկով կը խոնարհինք անոնց յիշատակին, աղօթենք առ Աստուած, որ Լիզպոնի մեր նահատակներուն հոգիներուն պարգեւէ երկնային խաղաղութիւն ու զանոնք արժանացնէ հայրենիքին ու ազգին համար ինկած նահատակներու լուսապսակին, իսկ մեզի ընծայէ անոնց ուղին ընդարձակելու արիութիւնն ու միջոցները։

Փա՛ռք Լիզպոնի հերոսներուն։

Պատի՛ւ անոնց պատգամին ուխտապահ սերունդներուն։

Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Leave a Reply