Տեսնեմ Անին ու Նոր Մեռնեմ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Զարեհ Եահնիեան

Ոմանք ըսին Շիրազին, թէ եթէ պիտի մեռնիս ի՞նչ նշանակութիւն ունի տեսնես կամ ոչ։ Սակայն, եթէ պահ մը խոր մտածենք, պատկերացնենք այդ հոգեկան հանգստութիւնը, տարիներ այդ նախադասութիւնը արտասանելը իրականանայ եւ տեսնես Անին Ազատ, Անկախ, այդ ժամանակ արդէն պատրաստ ես մեռնելու…

Սիմոնին եւ իր ընկերներուն երազանքը չիրականացաւ՝ դաւադրութեան, դաւաճանութեան պատճառով։ Սիմոնը ունէր երազանք եւ այդ երազը երգելով մեռնիլն էր. Նահատակուիլ իր չորս ընկերներու հետ միասին, գործողութիւնը կատարել հոգեկան հանգստութեամբ եւ ապա մեռնիլ նոյնքան հանգիստ խղճով ու հոգիով, մեռնիլ հաղորդութիւն ստանալէ ետք, մեռնիլ, զոհուիլ, նահատակուիլ Յանուն Ազգի, Յանուն Գաղափարի, Յանուն Հայրենիքի։

Եթէ դեսպանատան տանիքին վրայ նախօրօք պատրաստուած եւ սպասող դիպուկահարի գնդակին զոհ չերթար՝ միեւնոյնն էր, քանի մը օր ետք պիտի նահատակուէր Երգելով, Պիտի Երգէին «ահա հանգիստ Հող կը մտնեմ Յոյսս դուք էք ընկերներ, շարունակէք մեր սուրբ գործը Դաշնակցական վեհ քաջեր» եւ սեղմէին պայթուցիկին կոճակը։ Սակայն, չէին գիտեր որ չակերտեալ որոշ վեհ քաջեր իրենց այդ երգը նոյնիսկ պիտի խանգարէին, պիտի սեփական շահի համար տղոց վերջին օրերը զլանային…

Հեռացար ընտանիքէդ, ընկերներէդ, աշխատանքէդ, ընկերուհիէդ, հեռացար այդ բոլորէն։ Ցաւով եւ հաւատքի ու կամքի հզօրութեամբ հեռացար, գիտէիր որ պիտի չվերադառնաս։ Գիտէիր, որ պատշգամ կանգնած Մայրդ, որ քեզ կը հետեւէր երբ գացիր, կրկին պիտի չտեսնէ քեզ, բայց ուզեցիր կեանքդ զոհել յանուն Հայրենիքիդ, ուզեցիր ապրիլ քանի մը օր պատգամելով ձեր գործին դաստիարակչական բնոյթը, ձեր գործին հակաահաբեկչական երեւոյթը։ Այո՛ դուն ուզեցիր այդ պատգամը քանի մը օր փոխանցել եւ նոր մեռնիլ, նահատակուիլ։

Բայց…………………

Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ

Ափսոս այդպէս չեղաւ, հազար ափսոս…

Բայց Սիմոն, այդ Արիւնը որ հոսեցաւ կողէդ եւ ներկեց դեսպանատան բակը այդպէս անարդիւնք չմնաց եւ պիտի չմնայ. չկասկածիս սիրելի Եղբայր, չկասկածիս…
Այսօր Հայաստանը անկախ է նաեւ Շնորհիւ քեզ եւ ընկերներուդ…

Դաւադիր ձեռքերը դժոխքի մէջ են եւ իրենց նմանները, որոնց պակասը երբեք չունինք այսօր, պիտի իրենք իրենց հերթին ճաշակեն այդ դժոխքը ըլլայ ա՛յս աշխարհի մէջ կամ ա՛յն, չկասկածի՛ս սիրելի Եղբայր, Չկասկածի՛ս…

Վերջ ի վերջոյ ինծի համար Անին տեսնելը կամ չտեսնելը միեւնոյնն էր, ինծի համար նոյն ցաւը պիտի ապրէի առ այսօր, ինծի համար բացակայութիւնդ անտանելի պիտի ըլլար եւ է։Մեզի համար պիտի ըլլար նոյն դժոխքը, նոյն ցաւը, նոյն վէրքը, բայց քեզի համար՝ սիրելի եղբայր՝ պիտի ըլլար տարբեր…

Ով Մարդկային Արդարութիւն թող ես թքեմ քո ճակատին…

 

Գրութիւնը առնուած է Զարեհ Եահնիեանի դիմատետրի էջէն

Leave a Reply