Ներկայացուած է Միջնորդութիւն Եուրի Խաչատուրովի Նկատմամբ Կալանաւորումը Իբրեւ Խափանման Միջոց Ընտրելու Համար
Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչին կողմէ միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՔԾ լրատուական ծառայութենէն:
«2008 թուականի Մարտ 1-2 ինկած ժամանակահատուածին, Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ, 2018 թուականի Յուլիս 26-ին, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը:
Քննիչին կողմէ միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու համար»,- ըսուած է ՀՔԾ հաղորդագրութեան մէջ:
Ծանուցում. ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով:
