Մեր Հինգ Սրբանկարները (Լիզպոն 35-ամեակ) Բ.
Համբիկ Պիլալեան
«Մեր» դերանունին պարփակած ներքին իմաստը կը վերաբերի մեզի` հայութեան: Սակայն, այս առումով ալ կրնայ առարկուիլ, թէ հայ կեանքի մէջ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք անպայման չեն բաժներ վերեւ յիշուածը, նախ` կրօնական նկատառումներէ թելադրուած, ապա` տուեալ տղոց կատարած արարքին հանդէպ, մեղմ ըսած, տարբեր մօտեցում եւ հասկացողութիւն ունենալով:
Արդ, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ, 35 տարիէ ի վեր եւ ամէն պատեհ առիթի լոյսին բերելու Լիզպոնի տղոց վեհութիւնը, անոնց կատարած գործողութեան հնչեղութիւնն ու խոր պատգամը: Այլ խօսքով` իրերայաջորդ սերունդներ, իմանալէ, սերտելէ, մօտէն առնչուելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք Լիզպոնի խոյանքին հրաշագործութիւնը, ինչո՞ւ տղոց անունները, լուսադէմ պատկերները, իւրաքանչիւրի խօսքն ու պատգամը ամուր դրոշմուած կը պահեն իրենց հոգիներուն մէջ, իբրեւ կենդանի սրբանկարներ:
Ինչո՞ւ տարբեր սերունդի պատկանող փոքրեր ու երէցներ, մանաւանդ` երիտասարդական փաղանգներ, Լիզպոնի տղոց աքթը կ՛արժեւորեն իբրեւ ազգային հոգեկերտուածքի օճախ, արժանապատուութեան բարձր գիտակցութիւն եւ վրիժառու կամք ունենալու լաւագոյն օրինակ:
Ինչո՞ւ հայութիւնը իր բովանդակ իրականութեամբ, միշտ ալ խոնարհած է ու պիտի շարունակէ խոնարհիլ Լիզպոնի «խենթ»-երուն յիշատակին առջեւ:
Ինչպէ՞ս բացատրել հաւաքական կեանքի մէջ առկայ այն խոր համոզումը, որ Լիզպոնի տղաքը, ըլլալով հանդերձ ազգի մը ծոցէն ծնունդ առած համեստ, ժուժկալ, ազնուահոգի ու բարի երիտասարդներ, անոնց կատարած քաջագործութիւնը եզակի է պահուածքով եւ պատմակերտ` իր առաքելութեամբ:
Արդեօք տարօրինակ կամ արտասովոր երեւո՞յթ պէտք է նկատել հայութեան ցոյց տուած վերաբերումն ու կեցուածքը, երբ հինգ տղոց արարքը ազգային սխրանքի մը համազօր կը նկատուի, աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր:
Ո՞ւր փնտռել եւ կամ ինչպէ՞ս ըմբռնել այն գաղտնիքը, որ յաճախ կը ցայտի ու կը բորբոքի մեր դիմաց, երբ ականատես կ՛ըլլանք երկիւղած յարգանքի ու աղօթքի, այդ ալ նորահաս երիտասարդներու կողմէ, որոնք ամէն յուլիս 26-ին, կ՛այցելեն հինգ տղոց սրբազան շիրմը, որ կտոր մը հայրենիք եղած է բոլորիս համար:
Այո՛, նորահաս սերունդի պատանիներ թէ չափահասներ, Լիզպոնի հսկաներու արարքին մէջ տեսած են ու կը շարունակեն տեսնել այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ գերագոյն զոհաբերութեան վկաները կոչուած են միա՛յն լոյս ու յոյս սփռելու, մեզ ազգովին ուժեղացնելու, սրտեր թնդացնելու, պատկանելիութեան զգացողութիւնը առաւել ամրացնելու, ինքնութիւնն ու ազգային հաւատամքը պայծառացնելու:
Մենք գիտենք, որ խեղճացած են այն բոլոր հոգիները, որոնք ապաւինած իրենց այլանդակ, տկլոր եւ ապաբարոյ մտածելու եղանակին` մերթ ընդ մերթ նսեմացնել կ՛ուզեն Լիզպոնի աքթին մեծութիւնը, արժեզրկել սրբացած տղոց էութիւնը, յաճախ թութակաբար կրկնելով, թէ «անոնց կատարածը անձնասպանութիւն, աննպատակ ու անհեռանկար արարքի մը արտայայտութիւն էր» եւ այլն:
Ցաւ ի սիրտ, որ նման անհոգի հայ անհատներու խումբին մաս կը կազմեն ոչ միայն գաղափարական հակառակորդներ թէ կուսակցականներ, այլեւ` հայ կեանքի մէջ դերակատար անձնաւորութիւններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Իսկ մեր պատասխանը, յստակ ու մեկին, Լիզպոնի տղոց սրբանկարները կոթողուած են մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, անոնց դէմքերուն ու արարքին վեհութիւնը կը ղօղանջեն Արարատի ու Արցախի Մռաւ լերան գագաթներուն:
