Արցախի Մէջ Ատրպէյճանական Կողմի Կրակոցէն Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է
ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Յուլիս 26-ին, ժամը 20:45-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Դաւիթ Արթուր Միլոյեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Վիրաւորուած զինծառայողը տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց: Անոր վիճակը կը գնահատուի կայուն ծանր:
Դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
