Al-Jazeera-ի Հետ Հարցազրոյցին Ընթացքին ՀՀ Վարչապետը Խօսած է Ալիեւի Հետ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպելու Պատրաստակամութեան Մասին
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է Al-Jazeera հեռուստաընկերութեան յայտնի «Talk to Al Jazeera» ծրագիրին՝ անդրադառնալով երկրին մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան գործընթացին ու անոր հետեւանքներուն, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ու Թուրքիոյ հետ փակ սահմաններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ նշելով, որ հարցազրոյցը նշեալ հեռուստակայանով պիտի հեռարձակուի Յուլիս 28-ին։
Փաշինեան Al-Jazeera-ին ըսած է, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով պատրաստ է դէմ առ դէմ հանդիպելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ան յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանը պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ եւ որ հայկական կողմէն Թուրքիոյ հետ սահմանը երբեք փակ չէ եղած:
Ան պատմած է, որ երկրին մէջ իշխանափոխութենէն ետք հաւասար մրցակցային դաշտ ստեղծուած է գործարարութեան համար: Բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին աշխատանք իրականացնել Հայաստանի հետ կամ Հայաստանի մէջ, վարչապետը ուղերձ յղած է՝ իր կառավարութիւնը կ՝երաշխաւորէ իւրաքանչիւր ներդրումի անվտանգութիւնը:
Նշենք, որ շաբաթը մէկ անգամ հեռարձակուող «Talk to Al Jazeera» հաղորդումը կը հիւրընկալէ համաշխարհային առաջնորդներ ու ազդեցիկ անձեր:
