ՍՕԽ-ի Արցախ Մասնաճիւղի Վարչութիւնը Պարգեւատրեց Գամիշլիահայ Երկու Զինուորական
Սուրիոյ նախագահին հրապարակած վերջին հրամանագիրին լոյսին տակ, գամիշլիահայ երկու զինուորական, ութը տարի սուրիական բանակին ծառայելէ ետք, ամբողջացուցած են իրենց ծառայութեան շրջանն ու վերադարձած տուն։
Այս առիթով, ՍՕԽ-ի Արցախ Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այցելեց երկու զինուորներուն՝ Հրայր Հապոյեանին և Քրիստ Պետրոսեանին ու յուշանուէրներով պարգեւատրեց զիրենք՝ գնահատելով անոնց ծառայութիւնն ու քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւնը՝ նոր կեանքի մէջ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով անոնց։





