Ռոպերթ Քոչարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

Հայաստան

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւնը՝ իր տարածած հաղորդագրութեամբ:

«2008 Մարտ 1-2 ինկած ժամանակահատուածին, Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ, 2018 Յուլիս 26-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով՝ այն բանի համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան միջնորդութիւն ներկայացուած է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու համար:

Նշենք, որ ենթադրեալ յանցանքին մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով:

 

Leave a Reply