Պետական Մասնակցութեամբ Ընկերութիւններու Կողմէ 2017-ին Պետական Պիւտճէ Մուտքագրուած Գումարը Եղած է Նախատեսուածէն Աւելին՝ Կազմելով 832 Միլիոն Դրամ

Հայաստան

ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Պետական գոյքի կառավարման 2015-2017 թթ. ծրագիրի կատարման»  2017-ի հաշուետուութեան:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ցանկին վրայ պետական մասնակցութեամբ առեւտրային կազմակերպութիւններու շահութաբաժիններուն առնչուող տեղեկատւութիւնը կազմուած է ՀՀ ելեւմտական նախարարութեան տրամադրած` Պետական մաս­նակցութեամբ առեւտրային կազմակերպութիւն­ներու կողմէ ՀՀ պետական պիւտճէի բաժնե­տիրական դրամագլուխին մէջ կատարուած ներդրումներէն ստացուող շահաբաժիններէն գանձապետական հաշիւներուն 2016-ի եւ 2017-ի փաստացի փոխանցած շահութաբաժիններուն վերաբերեալ եւ 2017-ի ՀՀ պետական պիւտճէի հաշուարկներու հիմքին վրայ դրուած, շահութաբաժիններուն գծով պետական պիւտճէ վճարման ենթակայ տարեկան գումարներու կանխատեսումներուն վերաբերեալ տե­ղեկանքներու հիման վրայ:

«Մասնաւորապէս, կազմակերպութիւններու պետական պիւտճէ մուտքագրած շահութաբաժիններու գումարային մեծութիւնը կազմած է, համապատասխանաբար, 2015-ին՝ 640 միլիոն դրամ, 2016-ին՝ 1 միլիառ 510 միլիոն դրամ, 2017-ին` 832 միլիոն դրամ, կանխատեսուած 560 միլիոն դրամի փոխարէն»,- ըսաւ Մինասեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ան նշեց, որ 2018 թուականի համար ունին աւելի մեծ թիրախային ծրագիրներ պետական գոյքի կառավարման ոլորտին մէջ եւ կ՝ակնկալուի մուտքերու աճ:

 

Leave a Reply