Որդիիս Ծառայութիւնը Ղարաբաղի Մէջ կը Նշանակէ, որ Ոչինչ կը Խնայեմ Երկիրն ու Ժողովուրդը Պաշտպանելու Համար. Փաշինեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց տուած է ռուսական «Էխօ Մոսկուի» ռատիոկայանի գլխաւոր խմբագիր եւ հաղորդավար Ալեքսէյ Վենետիքդովին՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ու զայն խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու հայկական կողմի պատրաստակամութեան:
Ըստ Armenpress.am-ի՝, Վենետիքդով հետաքրքրուած է, թէ ինչու վարչապետը իր որդին ուղարկած է Ղարաբաղ ծառայելու, որուն ի պատասխան Փաշինեան նկատած է, որ որդին գացած է կամաւոր սկզբունքներով: «Շատերը ատիկա կը մեկնաբանեն իբրեւ յարձակողական ժեստ, բայց հակառակը, ատիկա խաղաղասիրական քայլ է: Բոլորս ալ կը հասկնանք, որ երբ որդիս կ՝ուղարկեմ Ղարաբաղ, չեմ ուզեր, որ այնտեղ պատերազմ սկսի. Աստուած չընէ, մահանայ իմ որդին կամ իմ հայրենակիցներու որդիները, կամ շարքային ատրպէյճանցիներու որդիները: Ատիկա տրամաբանական չէ: Ես ատիկա չեմ ուզեր: Ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս որդին այնտեղ ուղարկեր ծառայելու: Եթէ անոր որդին եւս այնտեղ ծառայէր, ես ատիկա պիտի ընդունէի իբրեւ խաղաղասէր քայլ: Բոլորս համոզուած պիտի ըլլայինք, որ պարոն Ալիեւը եւս չի փափաքիր, որ իր որդին մահանայ»,- ըսած է Փաշինեան:
Լրագրողի հարցին, թէ ինչու ՀՀ վարչապետը պատերազմի աճող սպառնալիք կը տեսնէ՝ Փաշինեան նկատած է, որ պատճառը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ռազմական հռետորաբանութիւնն է: «Մենք կը խօսինք անոր մասին, ինչ կը մտածենք: Յամենայն դէպս, ես միշտ այդպէս ըրած եմ»,- նշած է ան:
Կառավարութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ որեւէ իրավիճակի մէջ Հայաստանը միշտ համարժէք պահուածք պիտի ցուցաբերէ: «Այն, որ որդիս կը ծառայէ Ղարաբաղի մէջ, կը նշանակէ, որ ես պատերազմ չեմ ուզեր, սակայն ատիկա նաեւ կը նշանակէ, որ ոչինչ կը խնայեմ իմ երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանելու համար: Եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ սկսի, մենք կը սկսինք պատերազմել՝ համառակ անոր որ չենք ուզեր»,- նշած է ան:
Փաշինեան յիշեցուցած է, որ ֆութպոլի Աշխարհի առաջնութեան բացման արարողութեան ժամանակ, Մոսկուայի մէջ, ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին իրեն ծանօթացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ: Այդուհանդերձ, ՀՀ վարչապետը այդ ծանօթութիւնը անարդիւնաւէտ որակած է, քանի որ Պրիւքսէլի մէջ, ուր ժամանած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը, ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին ծիրէն ներս, կողմերը այդպէս ալ չեն ողջունած իրար:
Վենետիքդովի այն նկատառման, թէ Փաշինեան կրնայ հեռաձայնել Ալիեւին, վարչապետը կատակած է. «Գիտէ՞ք՝ շատ լաւ միտք է, բայց ես անոր հեռաձայնին թիւը չունիմ»:
