«Հայաստան» Հիմնադրամը Պիտի Ձեռնարկէ Անհրաժեշտ Բարեփոխումներ եւ Իրականացնէ Առաւել Կարեւոր Ծրագիրներ. Պետրոս Թերզեանի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրինութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեան տարածած է յայտարարութիւն՝ դիմելով հիմնադրամի նուիրատուներուն: Ան վստահեցուցած է, որ հիմնադրամը կը շարունակէ բնականոն գործունէութիւնը եւ ընթացքի մէջ են շուրջ 60 ծրագիրներ:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի յարգելի նուիրատուներ,

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամները՝ ընդառաջելով ՀՀ նախագահ, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջադրանքին՝ ինծի յանձնեցին Հիմնադրամի գործադիր տնօրինութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնը, որ պաշտօնապէս ստանձնեցի 2018 Յուլիս 19-ին: Մինչ այդ, ՀՀ նախագահի առաջարկը ընդունելէ անմիջապէս ետք, մեկնեցայ Երեւան, ուր Յուլիս 15 եւ 16-ին հանդիպումներ ունեցայ պետական բարձրաստիճան անձերու, ինչպէս նաեւ Հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակի անձնակազմին հետ:

Առաջին քայլս եղաւ ստուգել Հիմնադրամի հաշիւներուն ամբողջականութիւնը: Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք պարզուեցաւ, որ նախկին գործադիր տնօրէնին կողմէ՝ Հիմնադրամի վարկային գիծին միջոցով՝ անձնական նպատակներու համար օգտագործուած գումարները կարճ ժամկէտներու ընթացքին վերադարձուած են Հիմնադրամի հաշիւին, այդպիսով իսկ վրիպելով հաշուեքննիչներու ուշադրութենէն:

Այդուհանդերձ, վերջին իրադարձութիւններուն առիթով, Հիմնադրամի հաշիւներու հսկողութեան համակարգին մէջ երեւան եկած են խոցելիութեան ճեղքեր: Ուստի, պահանջած եմ անյապաղ ի գործ դնել վերահսկողութեան եւ ահազանգային յաւելեալ միջոցներ՝ զանոնք իսպառ վերացնելու համար:

Յառաջիկայ օրերուն, նոր գործադիր տնօրէնի թեկնածութեան կոչ պիտի ըլլայ: Թեկնածութիւնները պիտի քննուին մրցութային յանձնաժողովի (ժիւրիի) կողմէ Սեպտեմբեր 10-ին՝ իմ նախագահութեան ներքոյ:

Յարգելի նուիրատուներ,

Անցեալ 26 տարիներուն ընթացքին, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը գործած է թափանցիկ եւ հաշուետու, ըստ միջազգային չափանիշներու: Իրականացուցած է հսկայածաւալ ծրագիրներ:

Հիմնադրամը այսօր եւս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Շուրջ 60 ծրագիր ընթացքի մէջ է: Հայաստանն ու Արցախը պէտք ունին համազգային այս կառոյցին:

Համոզուած եմ, որ Հիմնադրամը՝ իր նուիրատուներուն զօրակցութեան շնորհիւ՝ պիտի յաղթահարէ տագնապի այս պահը, պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ նորարար միջոցներ ու բարեփոխումներ եւ պիտի կարենայ իրականացնել առաւել մեծ ու կարեւոր ծրագիրներ յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան»:

 

Leave a Reply