Կաշառակերութեան Հետ Փոխհամաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ. ՀՀ Վարչապետ
ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական աշխատանքները զօրակոչի ոլորտին մէջ չարաշահումները արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ: Այդ մասին, կառավարութեան այսօրուան նիստին, յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զաւակներու՝ ժամկէտային զինծառայութեան մեկնելու հարցին:
«Կայ քննարկում, թէ արդեօ՞ք այս թեման կ՝ուսումնասիրուի: Այդ թեման կ՝ուսումնասիրուի ոստիկանութեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ: Այս գործընթացը չի կրնար սահմանափակուիլ մէկ զօրակոչով, ատիկա զօրակոչի ժամկէտներու հետ կապ չունի, ուսումնասիրութիւնները ամբողջական պիտի ընթանան: Ցաւօք, զօրակոչի ոլորտին մէջ դեռ կը շարունակենք ունենալ չարաշահումներ, ընդհանրապէս զարմանալի է, որ այսպիսի իրավիճակի մէջ գտնուող երկրի մը մէջ կրնան պաշտօնատար անձերու կողմէ այսպիսի չարաշահումներ ըլլալ: Հետեւողականօրէն պիտի աշխատինք բոլոր չարաշահումները արմատախիլ ընելու համար»,- յայտնեց վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի՝ զարմանալի է, որ այսքան յայտարարութիւններէ ետք տակաւին կը շարունակուին այդպիսի դէպքերը: «Ոեւէ մէկը չմտածէ, թէ մենք որեւէ կէտի մէջ որեւէ պատճառով պիտի կանգնինք: Դարձեալ կը յայտարարեմ՝ կաշառակերութեան հետ փոխհամաձայնութիւններ պիտի չըլլան: Կարեւոր է նաեւ, որ այսքան բացայայտումներու պարագային չէ հնչած որեւէ քաղաքական հետապնդման մասին յայտարարութիւն, որ բացառիկ կարեւոր գործընթաց է: Յոյս ունիմ, որ ատով մեր դատաիրաւական համակարգը կ՝ապրի լրջագոյն վերափոխումներ»,- ընդգծեց վարչապետը:
