Արցախի Պետական Նախարարը Ընդունած Է Այնճարի Քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Յուլիս 24-ին ընդունած է Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լիբանան արցախեան գիւղատնտեսական վերամշակուած արտադրանքի արտահանման կարելիութիւն վերաբերեալ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Վ. Խօշեան կարեւոր նկատած է Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքի քոյր քաղաք Այնճարի հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը` նշելով, որ կը նախատեսուի լիբանանահայ ներուժի ներդրումով զարկ տալ Կովսականի մէջ հողագործական ձեռնարկումներու:

Հանդիպումին ներկայ եղած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեան:

 

Leave a Reply