Այսօր Աշխոյժ Պայքար Կայ Կաշառակերութեան Դէմ. Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած է ՌԴ Հիւսիս-արեւմտեան Տարածաշրջանի Հայ Գործարարներու Հետ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցով ժամանած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ Ս. Փեթերզպուրկ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Կառավարութեան ղեկավարը հանդիպած է ՌԴ հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանի քանի մը տասնեակ հայ գործարարներու հետ:
«Կ՝ուզեմ բոլոր գործարարները հրաւիրել Հայաստան՝ ծաւալելու տնտեսական գործունէութիւն, որուն համար նախապէս եղած բոլոր խոչընդոտները վերացուած են եւ գոյութիւն չունին: կարեւոր է այլ արձանագրութիւն մը. այդ խոչընդոտներուն մէջ ամենակարեւորը, թերեւս, եղած է եւ տեղ-տեղ կը շարունակէ մնալ կաշառակերութիւնը, թէեւ ընդհանուր առմամբ, կ՝ըսեն, որ ՀՀ-ի մէջ այլեւս կաշառակերութիւն չկայ, ատոնք մնացորդային երեւոյթներ են: Կը վստահեցնեմ՝ այսօր աշխոյժ պայքար կայ կաշառակերութեան դէմ, որ պիտի շարունակուի»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը առնչութիւն կ՝ունենայ որոշ ընկերութիւններու հետ, եւ կառավարութեան համար կարեւոր է, որ այդ պայքարը չընկալուի եւ չմեկնաբանուի իբրեւ արշաւ ընդդէմ գործարարութեան: «Մեզի համար կարեւոր է, որ յստակ գծենք այդ գիծը, որ մեր պայքարը չի կրնար ըլլալ ընդդէմ գործարարութեան: Մենք կ՝երաշխաւորենք ներդրումներու անվտանգութիւնը, այդ ըսելով՝ կը հասկնանք ո՛չ միայն այն, որ պետական որեւէ մարմին չի կրնար ներդրումը փոշիացնել, այլեւ նկատի ունինք, որ ոեւէ մէկը չի կրնար բաժին ունենալ, այդպիսի երեւոյթները կը բացառենք»,- ըսած է վարչապետը՝ բացառելով նման արատաւոր գործելաոճի շարունակութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ ներդրումներու հարցով կառավարութիւնը ընդամէնը ունի մէկ պայման. Կ՝ակնկալուի, որ գործարար գործունէութիւնը օրինական ըլլայ:
Վարչապետի խօսքով՝ պետութիւնը շահագրգռուած է նոր աշխատատեղերու ստեղծումով եւ պետական եկամուտներու աճով: «Վարչապետ ընտրուելէ ետք մէկ շաբաթ անց գործարարներու հետ հանդիպումներու ժամանակ պաշտօնապէս յայտարարած եմ, որ տուեալ պահէն իւրաքանչիւր գործարարութիւն կ՝ազատուի կաշառակերութեան որեւէ պարտաւորութենէ: Նաեւ այս առումով կը բացառեմ, որ որեւէ ընկերութեան նկատմամբ տեղային մակարդակով որեւէ ձեւով փորձեն միջամտութիւն ցոյց տալ»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:
Անդրադառնալով նոր սփիւռքի դերին՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը նկատած է, որ վերջինս 80-ականներու վերջերէն սկսեալ մեծ գումարներ կ՝ուղարկէ Հայաստան՝ օգնութեան, բարեգործութեան տրամաբանութեան մէջ, որ գնահատելի է եւ կենսական նշանակութիւն ունեցած է ՀՀ-ի համար: Վարչապետը Հայաստանի ժողովուրդի եւ պետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է ատոր համար եւ աւելցուցած՝ պէտք է այնպէս ընել, որ այդ գումարները ներդրուին տնտեսական գործունէութեան մէջ: «Մենք կ՝ուզենք ստեղծել հնարաւորութիւն, որպէսզի գաք եւ Հայաստանի մէջ ունենաք գործ, շահոյթ ստանաք եւ շահոյթ բերէք ժողովուրդին ու պետութեան: Մենք կ՝ուզենք, որ դուք Հայաստանի մէջ աշխատիք, մեր նպատակը այն է, որ Հայաստանի մէջ աշխատելու հնարաւորութիւնը ըլլայ հնարաւորինս լայն հասանելիութեան տիրոյթի մէջ, ո՛չ թէ նեղ շրջանակի համար: Գործարար դաշտը պէտք է հասանելի ըլլայ շատերուն, եւ մենք այսօր կրնանք ապահովել ատիկա: Կը լսենք կարծիքներ, թէ աշխատանքը դադար առած է եւ կը սպասէ յառաջիկա ընտրութիւններուն: Կ՝ուզեմ ընդգծել, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները անշրջելի են, Հայաստանի մէջ այլեւս գործունէութիւն կրնայ ծաւալել այն իշխանութիւնը, որ կը հենուի յեղափոխութեան արժէքներու տրամաբանութեան վրայ, Հայաստանի մէջ հակայեղափոխութիւն պիտի չըլլայ եւ ես զիս կը համարեմ ատոր երաշխաւորը: Ժամանակը սուղ է եւ կոչ կ՝ընեմ այդ ժամանակը չկորսնցնելու»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ չբացառելով, որ օրէնքներուն մէջ կան խնդիրներ: Ան տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը այսօր կ՝աշխատի Հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխման ուղղութեամբ, կ՝աշխատի դաշտը ազնիւ, արդար դարձնելու, կարգաւորելու նաեւ օրէնսդրութիւնը:
