Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Միջդիրքային Տարածութեան Կրճատման Ուղղուած Հակառակորդի Քայլերը Չէզոքացուած են. Դաւիթ Տօնոյեան
Մենք միջոցներ կը ձեռնարկենք, որ չէզոքացնենք Նախիջեւանի ուղղութեամբ հակառակորդի քայլերը։ Այսօր, ՊՆ-ի մէջ լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին ընթացքին, նման տեսակէտ յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
«Այնտեղ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնել։ Անոնք կ՝ամրացնեն իրենց դիրքերը»,- ըսաւ Տօնոյեան:
Նախարարը հերքեց վերջին օրերուն տարածուած այն լուրերը, թէ Նախիջեւանի ուղղութեամբ լարուածութիւնը աճած է։ «Այդպէս բան չկայ, զինուած ուժերը այնպիսի գործողութիւններ ձեռնարկած են, որ չէզոքացուցած են այդ միջդիրքային տարածութեան կրճատումը»,- ընդգծեց ան:
Պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձաւ բանակին մէջ առկայ կաշառակերութեան՝ նշելով, որ նման վտանգ կայ, որ կազմակերպչական բնոյթ ունի, բայց ատոր դէմ պայքարը շարունակական գործընթաց է: «Նոր կառավարութիւնը, վարչապետը սահմանած է նոր նշաձող, այդ աշխատանքները կ՝իրականացուին»,- ըսաւ Դաւիթ Տօնոյեան:
