Հայաստանի մէջ ծառայութիւն իրականացնող Ռուսիոյ Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը՝ հայ-թրքական սահմանին վրայ ձերբակալած են 5 սահմանախախտ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան Սահմանապահ վարչութեան մամուլի ծառայութենէն:
Յանցաւոր խմբաւորումը փորձած է անօրինական ճանապարհով ներխուժել Հայաստան: Անմիջական-որոնողական քայլերու իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ ձերբակալուած 5 անձերը Աֆղանիստանի քաղաքացիներ են:
Սահմանախախտները յանձնուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:
Կ՝իրականացուին գործողութիւններ՝ պարզելու միջադէպին մանրամասնութիւնները: