Տասնամեակներու Խարխափումէ Ետք, Անձերէ Եւ Խմբակցութիւններէ Անդին` Ազգ Եւ Պետութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

 

Յ. Պալեան

Տեւաբար կը յիշեցնենք այն, որ վերանկախացած Հայաստանը նոր է, երիտասարդ է` արդարանալու եւ արդարացնելու համար խարխափումները եւ սխալները: Երեսուն կամ եօթանասուն տարիներու միջեւ այնքան ալ մեծ ըլլալու չէ տարբերութիւնը, երբ կը փորձենք հաշուեկշիռ ընել, ինչ կը վերաբերի Պետութեան կառուցման-կայունացման, որ լրագրական անմիջականութիւններէ տարբեր է:

Պետութեան կառուցում-կայունացում-ամրացումը օրէնքի գերակայութեամբ գործող իշխանութեան հաստատման օղակներն են: Օրէնքը իշխանութեան փոփոխութեան քմայքներէն կախում պէտք չէ ունենայ: Ըստ օրուան կացութեան կամ ըստ իշխանաւորի ցանկութեան:

Ան տարբեր է նաեւ անհատական կիրքերէ եւ կուսակցական մրցակցութիւններէ:

Խորհրդային Հայաստանը ինքզինք ըլլալու եւ իր ուղին որոշելու պետական իրաւ հնարաւորութիւնը եւ իրաւունքը չունէր: Այս իրաւունքը ֆրանսական ընդունուած եզրով կը կոչուի régalian, որ կը յատկանշուի պետութիւնը անձնաւորող անձին իրաւունքով եւ կամքով, այսինքն` անցեալի թագաւորականը, այս է նաեւ régalian-ի բառացի թարգմանութիւնը: Խորհրդային Միութիւնը այդ իրաւունքը սեփականացուցած էր, գործած էր` շարունակելով ցարական կայսերական պետական ըմբռնումը:Հայաստան régalian իրաւունք չունէր: Այդ իրաւունքը իւրացուած էր Կեդրոնին կողմէ:

Արդիւնաւէտ պետութիւն մը, ոչ միայն փոխուող կառավարական վարչակազմերը, անյեղլի, մարմարի վրայ փորագրուած եւ ազգ-հայրենիքի ըմբռնումով դաջուած իրաւունքի, պարտքի եւ կամքի արտայայտութիւնն է, իր նախաձեռնութիւնները եւ քաղաքականութիւնը, յարաբերութիւնները, կազմակերպութիւնը պէտք է հպատակին անհատներէն անդին դասուած իրաւունքիպարտքի եւ կամքի ձոյլ երրեակին: Խորհրդային Միութիւնը որպէս միջազգային իրաւունք` դադրած է, անուն փոխելով կամ վերագտնելով, սահմանափակուած է ռուսականի մէջ, որ չի նշանակեր, թէ ան հրաժարած է ռազմագիտական-ռազմավարական-ապահովական իր հրամայականներէն:

Անկախութեան հռչակումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստանձնած է իրեն յատուկ régalian եւ միջազգային իրաւունքը: Այս հիմնականին հետ կան նաեւ այլ իրաւունք-հրամայականներ: Իր անուան արժանի պետութիւնը կը մշակէ եւ կ’առաջնորդէ ազգի եւ երկրի տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին ռազմավարութիւնը: Ան է երաշխաւորը իր ժողովուրդի առողջութեան եւ ընկերային պաշտպանուածութեան, նաեւ ոչ թէ տէրը այլ իմաստուն վերահսկողը գործարար ընկերութիւններուն եւ տեղական կառավարման բոլոր բնոյթի կազմակերպութիւններուն եւ անոնց զարգացման` օրէնքով նախատեսուած սահմաններու մէջ:

Այսինքն պետութիւնը պատնէշ է` ընդդէմ անտառի օրէնքին, «ջունգլի»-ի օրէնքին: Ամէն կարգի չարաշահում, ո՛ւր որ ալ պատահի, ընկերային այս կամ այն կառոյցի մէջ, վերադարձ է անտառի օրէնքին:

Անցնող երեսուն տարիներուն, անկախութեան առթած գինովութիւնը, մանաւանդ` հայրենաբաղձ զանգուածները, յաճախ դարձած` յուզուող տուրիստներ, առաջնորդեց հայասիրական-բարեսիրական թափահարումներով: Գաղտնիք չէր, պետութիւնը բեմ էր անտառի օրէնքին դրամատիրական նորայայտ կիրքերու ազատ ասպարէզին մէջ: Զարմանալի էր, որ այս կամ այն ձեւով հաշտուած էինք եւ յարմարած` կացութեան, Երկրին մէջ սովորական էր խօսիլ կոռուպցիայի եւ չարարաշահումներով հարստացած դասակարգի մը մասին, զոր կոչեցին օլիկարխիա, դուրսի զգացական հայրենասիրութիւնը միշտ հակամէտ էր թերի եւ թերութիւն անցողիկ համարելու:

Եթէ վերեւ յիշուած ըմբռնումներով պետութիւն ստեղծուած ըլլար, որ ըլլար տէր եւ առաջնորդ, կ’ունենայինք տարբեր երկիր, որ չէր դատարկուեր, եւ միշտ երազուած հայրենադարձութիւնը տեղի կ’ունենար: Չէինք բաւարարուեր տօնական օրերու ճառերով, անոնց հետ հնչող փող ու թմբուկով:

Տիրոջ եւ առաջնորդի պետական-régalian իրաւունքը ինքզինք վերածած էր չարաշահող մենաշնորհեալներու ակումբի: Հակառակ անոր որ օտար եւ հայկական մամուլը, երկրին մէջ եւ դուրսը, կը խօսէին եւ խօսեցան այս մասին` տալով անուններ եւ հասցէներ, համակարգը կղպուած էր: Երբ վարչապետի մը հետ հանդիպման ընթացքին առաջարկուեցաւ audit ընել` ճշդելու համար համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ դիզուեցան հարստութիւնները, երբ երկիրը դուրս եկած էր հաւասար չունեւորութենէ, վարչապետը ըսաւ` «աուդիտ կ’անենք»: Այսօր պատասխանատուութեան պէտք է կանչել նաեւ անոնք, որոնք այդ «աուդիտ»-ը չըրին, եւ` զիրենք ալ ենթարկել «աուդիտ»-ի:

Այսօր առեւտրական, ճարտարարուեստական եւ հանքային հարստութիւնները օգտագործող ընկերութիւններ կան եւ անոնք ունին բաժնետէրեր, որոնք յայտնի չէ, թէ ե՛րբ աշխատած են, ուրկէ՛ բերած են բաժնետէր դառնալու իրաւունք-գումարները: Անոնց անունները ծանօթ են, եւ անոնք ծանօթ են իրենց հայրերուն անուններով, որոնց անունները տեղ մը գրուած են նոր նոմենքլաթուրայի ցանկին վրայ: Հարկ է նաեւ քննել մարդոց կենսամակարդակը` ըստ իրենց ունեցած եկամուտներուն: Հարկ է քննել դուրսէն ստացուած թանկարժէք նուէրներու պարագան. ինչո՞ւ կը ստանան այդ նուէրները, ի՞նչ կը թաքցնեն անոնք, եւ որպէս յաւելեալ անաշխատ եկամուտ` ենթարկել հարկային օրէնքի: Դիւրին է ըսել, օրինակ, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ հիացում առթող անգլիական կամ գերմանական մակնիշով գերարդիական ինքնաշարժը նուէր ստացած են, երբ ճաշարանի սպասեակ դարձած ուսուցչուհին հեծանիւ մը նուէր չի ստանար…

Պետութիւնը թոյլ տուած է, որ հաստատուին մեծ եւ փոքր մենաշնորհներ (մոնոփոլիա)` սկսելով այգիներուն մատակարարուող ոռոգման ջուրէն, այսինքն պետութիւնը չէ պաշտպանած արտադրող հողամշակը, այդ ջուրը հոսած է մենաշնորհեալի այգին: Քննութիւն մը պէտք է կատարել Արարատեան դաշտի գիւղերուն մէջ:

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը խանդավառող եւ յուսատու խոստում է:

Այդ խոստումը «դուխ»-էն եւ «թիմ»-էն անդին` պէտք է դառնայ օրէնք եւ կուսակցական կամ այլ նախասիրութիւններէն օրէնքներով վեր դասուած սահմանուած գործող կառոյց, որուն կեանքը չպայմանաւորուի կառավարութիւններու տարիներով եւ ընտրութիւններու անակնկալներով:

Թատերական բացայայտումներէն ետք կը սպասուին Պետական Օրէնքը եւ համապատասխան կառոյցները, որոնք պետութիւն կը պահեն եւ չեն սպասարկեր գացող-եկող կառավարութիւններու նախասիրութիւններուն:

Դժգոհութիւններէն եւ խանդավառութիւններէն ետք, անհատներէն անդին գործող ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ պէտք է կառուցել, դրականը պահել, թերին սրբագրել եւ ապագայակերտը կեանքի կոչել` թօթափելով մեր մէջ արմատացած մանրավաճառի եւ մանր փառատենչիկի աղէտ գործած եւ գործող հոգեբանութիւնը:

Եւ միշտ առաջնորդուիլ «ֆորմիւլա»-ներէ անդին գտնուող հեռանկարային երեք հիմնական եւ հիմնարար գաղափարներով զանոնք անձանձրոյթ կրկնելով եւ անոնց իրականացման ձգտելով. հողահաւաք, հայահաւաք, հոգեհաւաք (լեզու-մշակոյթ):

Այսօ՛ր: Ինչպէս ըսուած է` վաղը միշտ ուշ է:

Բոլոր հարցերուն համար, ներսը եւ դուրսը:

Ոմանք կը խորհին, որ նորութիւն պէտք է, նոր շորի պէս, նորութիւն` թաղի կազեթները հետաքրքրական դարձնելու համար:

Վերջապէս պէտք է յաղթահարել ներսի եւ դուրսի տարբերութիւնները` առաջնորդուելով ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եսասիրական շահախնդրական ըմբռնումով, այլ` յաւելեալ պարտքի եւ յաւելեալ դրականութեան:

Պետութեան կառուցման եւ հայոց իրաւունքի վերականգնումին համար ծառայութեան կոչելով կարողութիւնները եւ ձեռնհասութիւնները, անոնք գտնուին Երեւան թէ Գիւմրի, Քամչաթքա թէ Հոնոլուլու, Վլատիվոսթոք թէ… Սասուն:

Անցեալ չըլլալու, շարունակութիւն ըլլալու եւ վերականգնումի համար կենսական է իրաւ մէկութիւնը, որ միշտ պէտք է կրկնել, հողահաւաք, հայահաւաք, հոգեհաւաք է:

 

Leave a Reply