Պաքու Պիտի Բանակցի Միայն Հայաստանի Իշխանութիւններուն Հետ. Հաճիեւ

Աշխարհ

 

Յուլիս 23-ին, Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, թէ Պաքուի իշխանութիւնները կը սպասեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մամետեարովի եւ Մնացականեանի միջեւ նոր բանակցութիւններու մասին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու առաջարկին։ Այս մասին կը հաղորդէ APA-ը։

Հաճիեւ նաեւ նշեց, որ Պաքու պատրաստ է բանակցելու միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: «Հայաստանն է ատրպէյճանական տարածքներ գրաւելու արարքին մէջ մեղաւորը: Այդ իսկ պատճառով, պաշտօնական Պաքուն հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ բացառապէս Հայաստանի ղեկավարութեան հետ»,- յայտարարեց Հաճիեւ:

Leave a Reply