Ռուսիան Հայաստանին Տրամադրած Է Վարկային Համաձայնագիրով Նախատեսուած Սպառազինութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիան ամբողջութեամբ Հայաստանին տրամադրած է 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրներով նախատեսուած սպառազինութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յուլիս 22-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան  նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«200 միլիոն տոլարի դիմաց տրամադրած զէնք-զինամթերքը  ժամանակակից,  արդիական, նոյնիսկ Ռուսիոյ  սպառազինութեան մէջ  չգտնուող սպառազինութիւն է», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:

2015-ին Ռուսիան եւ Հայաստանը վաւերացուցած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ Ռուսիան Հայաստանին ժամանակակից սպառազինութիւն կը մատակարարէ:

Leave a Reply