ՀՄԸՄ-ականները Այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի Անուան Ռազմական Համալսարան

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 22-ին,  համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակից 650 սկաուտներ` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու՝ այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարան:

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ապա ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ հայկական բանակի շեփորախումբերը նուագեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բանակ եւ զօրանոց խորհրդանիշներ են պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան: Իսկ 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ մնայուն պաշտպանը հայրենի պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն ՀՄԸՄ առաջիններէն էր, որ իր ծառայութիւնները դրաւ հայոց պետականութեան տրամադրութեան տակ, մտաւ որբանոցները եւ Ցեղասպանութեան որբերէն, թշուառ ու անտէր պատանիներէն կերտեց նոր հայը, հայկական բանակի ապագայ զինուորը: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, ՀՄԸՄ դարձեալ առաջիններէն էր, որ իր հանրանուէր գործունէութիւնը ծաւալեց հայրենիքի մէջ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ճամբով ջանաց այս անգամ կերտել նոր քաղաքացին, ազգային իր արժէքներուն եւ նպատակներուն հաւատարիմ հայ մարդը, ազգային բանակ մտնելու պատրաստուող հայ երիտասարդը», ըսաւ Մկրտիչեան:

Ապա ան շեշտեց, որ շատերը ՀՄԸՄ-ը ճանչցան իր քայլերգին բառերով, իբրեւ «կամաւոր բանակ» հայութեան եւ հայրենիքին, միշտ ծառայելու, ծառայութեամբ մեծնալու կամքով ու տեսիլքով: Շատերը ՀՄԸՄ-ի մէջ տեսան անհայրենիք ժողովուրդի մը փոքրիկ բանակը, որ հաւատաց մեծ նպատակներու, մեծ ու անսակարկելի արժէքներու:

Մկրտիչեան յայտնեց, որ «հայոց բանակի տողանցքին հետ զօրամաս մը չէ որ միայն կը տողանցէ, այլ` մեր պատմութեան բոլոր հերոսները, փաղանգ առ փաղանգ, անցեալի նախարարական գունդերէն մինչեւ ֆետայական մեր խումբերը եւ արցախեան պայքարի հերոսական վաշտերը: ՀՄԸՄ-ական սերունդները այս համոզումով կը մեծնան ու հասակ կ’առնեն` խոր յարգանք տածելով հայոց բանակին եւ անոր վեհ առաքելութեան նկատմամբ: ՀՄԸՄ-ական տղաք ու աղջիկներ այս դաստիարակութեամբ կը խոնարհին հայոց բանակի անթիւ զոհողութիւններուն դիմաց եւ, իբրեւ գերագոյն արժէք, զայն կը դասեն ամէն բանէ վեր:

«Այսօր, «կամաւոր բանակը» կանգնած է կողքին պետական բանակին: Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ պատկեր, քան համա-ՀՄԸՄ-ական, համահայկական  այս զօրակցութիւնը, որ այս պահուն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց: Այստեղ ներկայ սկաուտներու ճամբով ամբողջ հայութիւնն է, որ այսօր յարգանքի իր տուրքը կու տայ հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները` պաշտպանուած»:

Իր կարգին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ողջունեց ՀՄԸՄ-ը իր «շնորհալի, շնորհակալ եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար»: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը Ցեղասպանութենէն ետք որբախնամի աշխատանք կատարեց, 40  հազար որբերու տիրութիւն ըրաւ, համահայկական մարզախաղեր ու բանակումներ կազմակերպեց եւ այդ բոլորով պահպանեց ու տարածեց հայ լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը:

Նախարար Տօնոյեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքը եւ Հայաստանը անբաժանելի են իրարմէ: Փորձութեան պահերուն բաժանարար բոլոր գիծերը կը ջնջուին: Արցախեան պայքարի յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունեցան սփիւռքէն եկած հայրենակիցները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի դպրոցէն անցածները: Իրենց ծառայութիւններով, մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեամբ շատերը արժանացան Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու մետալներուն եւ շքանշաններուն, իսկ ոմանք ալ` հերոսի կոչումին:

Տօնոյեան վստահեցուց, որ Հայաստան ունի փոքրաթիւ, սակայն ամուր եւ մարտունակ բանակ, որ արդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր յաղթանակներէն մէկուն կերտիչն է: Հայաստանի բանակով հպարտանալու շատ բան ունի մեր ժողովուրդը: «Այս այցելութիւնը մայր հայրենիք եւ հայոց բանակ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները կը դարձնէ աւելի հպարտ, աւելի հայրենապաշտ եւ աւելի հայ», ըսաւ ան:

Զօրանոց այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով:

Leave a Reply