Հայաստանի Եւ Արցախի Հարազատ Հողին Վրայ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին Մասնակիցները Իւրայատուկ Օրեր Ապրեցան

8 տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2018-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Մինոթել պարսամ հիւրանոց»-ին մէջ, 5 Յուլիս 2018-ին: Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն: Ճաշէն ետք խումբը այցելեց Սասունցի Դաւիթ եւ Մայր Հայաստան արձանները:
Օրուան աւարտին ֆորումականները ներկայ եղան «Հայկ եւ Բէլ»-ի պատմութեան ներկայացման: Անոնք համտեսեցին հայկական խորովածն ու լաւաշ հացը, երգեցին, պարեցին եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին:
6 Յուլիս 2018-ին հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Սաղմոսավանք, ուր լսեցին հանրածանօթ ճարտարապետ եւ մասնագէտ Աշոտ Գրիգորեանի բացատրութիւնները վանքի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասին: Սաղմոսավանքէն ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Տառերու պուրակ:
Խումբը ճաշեց Արագած լերան լանջին: Ապա մասնակիցները բարձրացան լերան բարձունքներէն մէկը եւ այդտեղ միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր: Վերադարձի ճամբուն վրայ խումբը այցելեց Ամբերդ ամրոցը: Ա. Գրիգորեանի նշումները լսելէ ետք մասնակցողները վերադարձան Երեւան:
7 Յուլիս 2018-ին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ ներկայ եղան «Առաջին Հանրապետութիւն» ցուցադրութեան: Կէսօրէ ետք անոնք ուղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր Մատենադարանի փոխտնօրէն դոկտոր Կարէն Մաթեւոսեանը դասախօսեց հայկական մանրանկարչութեան մասին:
Երեկոյեան ֆորումականները ուղղուեցան Քասքատ, ուր սորվեցան եւ պարեցին ազգագրական պարեր` Գագիկ Գինոսեանի հետ:
Օրը վերջ գտաւ ճոխ ընկերային պահով մը` քաղաքի «rooftop bar»-երէն մէկուն մէջ:
8 Յուլիս 2018-ին, ֆորումի 4-րդ օրուան ընթացքին, մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատի համալիր եւ թանգարան, ինչպէս նաեւ` Էջմիածինի մայր տաճարը եւ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցի: Յետոյ անոնք մեկնեցան դէպի Մաչանենց արուեստի տունը, ուր լաւաշ թխեցին եւ ծանօթացան կաւագործութեան արուեստին: Մասնակիցները ճաշեցին արուեստի տան պարտէզին մէջ եւ երգեցին, պարեցին ու հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին: Երեկոյեան, Երեւան վերադարձէն ետք, ֆորումականները միացան Վարդավառի տօնակատարութեան:
Ֆորումի 5-րդ օրը ֆորումականները այցելեցին Սեւանայ լիճ եւ Սեւանավանք: Նաւով պտոյտէն եւ Սեւանի մէջ լողալէ ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Դիլիջան, ուր ճաշեցին եւ ծանօթացան Հաղարծին վանքին: Երեկոյեան անոնք վերադարձան Երեւան:
6-րդ օրուան առաւօտեան մասնակիցները այցելեցին Թումօ կեդրոն, ուր ծանօթացան կազմակերպութեան եւ մասնակցեցան երկու տարբեր գիտաշխանոցներու (3D mapping եւ motion graphics): Յետոյ անոնք մեկնեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ապա` Երեւանի պետական համալսարան ու ծանօթացան անոնց տարբեր բաժանմունքներուն եւ հոն դասաւանդուող մասնագիտութիւններուն:
Երեկոյեան ֆորումականները մասնակցեցան զրոյցի մը, որուն վերնագիրն էր` «Ո՞վ է հայը», իսկ զրուցավարը` Վարագ Գեթսեմանեան:
11 Յուլիսին ուսանողական հաւաքի մասնակիցները իրենց օրը անցուցին Ծաղկաձորի մէջ: Անոնք ճոպանուղիով բարձրացան լերան գագաթը, ապա այցելեցին Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր մանուկները զիրենք դիմաւորեցին աղով ու հացով: Միասնաբար ճաշելէ ետք սկսան զանազան խաղերու եւ ուրախ ժամանցի:
Երեկոյեան անոնք վերադարձան Երեւան եւ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պարի պետական համոյթի ելոյթին, օփերայի մէջ:
12 Յուլիս 2018-ին ֆորումի մասնակիցները մեկնեցան Օշական, ուր այցելեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին: Եկեղեցիի քահանան դասախօսեց հայերէն տառերու եւ այբուբենի մասին: Օշականէն ետք ֆորումականները ճամբայ ելան դէպի Գիւմրի: Հոն անոնք շրջեցան քաղաքին մէջ, ապա այցելեցին Յովհաննէս Շիրազի տուն- թանգարան: Անոնք ներկայ գտնուեցան նաեւ Գոհար համոյթի փորձին: Գիւմրիի մէջ օրը անցընելէ ետք, երեկոյեան վերադարձան Երեւան:
13 Յուլիսի առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Կոմիտասի տուն-թանգարան եւ Պանթէոն: Ապա անոնք ժամանեցին Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը, ուր ծանօթացան հայկական ազգային նուագարաններուն եւ աշուղական երգերուն: Անոնք նաեւ ունկնդրեցին «Սայաթ Նովա» աշուղական խումբին երգերը: Յետոյ անոնք մեկնեցան դէպի Չարենցի կամար:
Կէսօրին ուսանողները հասան Գառնի գիւղը, ուր նախ այցելեցին Քարերու սիմֆոնիան, ապա` Գառնիի տաճարը: Վերադարձի ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Գեղարդի Վանք, ապա վերադարձան Երեւան:
Երեւանի մէջ իրենց վերջին օրուան ընթացքին Համազգային ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին: Անոնք նաեւ այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան: Յետոյ անոնք անցան Եռաբլուրէն, որպէսզի յարգեն արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը:
15 Յուլիսին Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Արցախ: Ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ եւ այցելեցին Պարոյր Սեւակի տուն- թանգարանը: Երեկոյեան ժամանեցին Ստեփանակերտ, ուր կարդացին եւ դիտեցին Մոնտիալի ախոյեանութեան աւարտական խաղը: Քնանալէ առաջ անոնք պտտեցան Ստեփանակերտի մէջ:
16 Յուլիսի առաւօտեան ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Արցախի Ազգային ժողով, ուր տեսակցութիւն մը ունեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ: Ապա անոնք մեկնեցան դէպի Շուշի, ուր նախ «արշաւեցին» դէպի Յունոտի կիրճը, ապա այցելեցին Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցի: Վերադարձի ճամբուն վրայ մասնակիցները այցելեցին Շուշիի բերդը եւ արցախեան ազատագրական պայքարէն մնացած նշանաւոր հրասայլ-յուշակոթող: Երեկոյեան, անոնք մտերմիկ երեկոյ մը անցուցին պանդոկին մէջ:
17 Յուլիսը իւրայատուկ օրերէն էր: Արդարեւ, Ստեփանակերտի զօրամասին մէջ հաւաքի մասնակիցները ծանօթացան կառոյցի տարբեր բաժանմունքներուն: Այցելութեան աւարտին, անոնք զինուորներուն հետ ուրախ պահեր անցուցին եւ ազգագրական երգեր երգեցին: Անկէ ետք անոնք այցելեցին «Զոհուած ազատամարտիկներու» եւ «Անյայտ կորածներու» թանգարանները: Պանդոկին մէջ ճաշելէ ետք, անոնք մեկնեցան Գանձասար, ճամբուն վրայ տեսան «Տատիկն ու պապիկը» եւ Վագրի Լեռը, ապա բարձրացան դէպի վանք:
Երեկոյեան ընթրեցին պանդոկին մէջ` «Մենք ենք մեր սարերը» երաժշտական խումբին ներկայութեամբ եւ կատարեցին ֆորումի պաշտօնական փակումը:
Հաւաքի վերջին օրը մասնակիցները վերադարձան Երեւան` ճամբուն վրայ այցելելէ ետք Տաթեւ եւ ճոպանուղիով վանք ուղղուելէ ետք: Անոնք նաեւ այցելեցին Նորավանք: Երեկոյեան արդէն բաժանման յուզումնալից պահեր ապրեցան անոնք եւ միասնաբար երգեցին` «Դարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն»:







