Իրանի Մէջ Մէկ Օրուան Ընթացքին 4 Երկրաշարժ Եղած է. Տուժածներուն թիւը կ՝անցնի 200-ը

Իրանի մէջ արձանագրուած է չորրորդ երկրաշարժը, այս անգամ 5.8 աստիճան ուժգնութեամբ: Յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովըստի»-ն՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ երկրաշարժը արձանագրուած է Իրանի հարաւարեւելեան հատուածին վրայ՝ Քերման քաղաքին մէջ: Իրանի երկրաշարժագիտութեան կեդրոնին տեղեկութիւններով՝ առաջին ցնցումները արձանագրուած են տեղական ժամանակով 01:09-ին:
Իրանի տարածքին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած էր եւս 3 երկրաշարժ: Ամենաուժգինը եղած է երրորդը՝ Քերմանշահի շրջանին մէջ, ուր ուժգնութիւնը կազմած է 5.9 աստիճան: Ցնցումներուն հետեւանքով տուժածներուն թիւը կ՝անցնի 200-ը: Շուրջ 100 շինութիւն ամբողջութեամբ վնասուած է: Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ դէպքի վայր ուղարկուած է փրկարարներու 15 խումբ:


