Նուիրատուները Ցնցուած են. Նոր Իշխանութիւնը Համահայկական Հիմնադրամին Ղեկավարումը Պէտք է Սփիւռքին Յանձնէ. Յարութ Սասունեան

«Առաջին լրատուական»-ը զրուցած է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանի հետ, որ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ՝ Արեւմտահայերէնի վերածուած։
–Պարոն Սասունեան, «Հայաստան» հիմնադրամին մէջ լուրջ աղմուկ բարձրացած է, տնօրէնին մեղադրանքներ ներկայացուած են։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ստեղծուած իրավիճակը։
-Մեղադրանքները շատ ցաւալի են եւ մտահոգիչ։ Ինչպէ՞ս կրնայ բարեսիրութեան ղեկավարը գողնալ ժողովուրդին կողմէ հաւաքուած նուիրատւութիւնները։ Բայց միայն Արա Վարդանեանը չէ, որ մեղաւոր է։ Ո՞ւր էին հիմնադրամին հաշուապահը, գանձապահը, հաշուեքննիչ ընկերութեան տարեկան ստուգումները եւ, վերջապէս հիմնադրամի վարչութիւնը։
–Ըստ Ձեզի, ի՞նչ էր Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն արձագանգը հիմնադրամին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Այս բացայայտումներէն ետք ի՞նչ վտանգ կրնայ ըլլալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։
-Սփիւռքի նուիրատուները ցնցուած են։ Հիմնադրամին հանդէպ անվստահութիւնը աւելի պիտի շատնայ եւ աւելի քիչ նուիրատուներ պիտի ըլլան։ Որեւէ մէկուն մտքէն չէր անցներ, որ այսպիսի բան կը կատարուի, ան ալ՝ Նոր Հայաստանի օրերուն։
–Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը յայտարարած է, թէ դուրս եկած է «Հայաստան» հիմնադրամի Ամերիկայի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմէն։ Արդեօ՞ք այս միտումը կրնայ շարունակուիլ եւ Սփիւռքի այլ կառոյցներ եւս կը լքեն հիմնադրամի կառոյցները։
-Չեմ կարծեր, թէ այլ կազմակերպութիւններ դուրս գան հիմնադրամի խորհուրդի կազմէն։ Հաւանաբար յաջորդ շաբաթներուն տեսնենք հիմնադրամին վերակազմակերպումը՝ նոր ղեկավարով, նոր վարչութեամբ, նոր հաշուապահով, եւ նոր հաշուեքննիչ ընկերութեամբ։ Հիմնադրամը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ վերը նշուած փոփոխութիւններով։ Առաւել, պետութիւնը պէտք չէ ղեկավարէ հիմնադրամը։ Ներկայիս պետութիւնը կը վերահսկէ ինքզինք։ Պետութիւնը միայն հսկողի դերին մէջ պէտք է ըլլայ։ Հիմնադրամը պէտք է ըլլայ անկախ, այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու նման։
–Հնարաւո՞ր է, որ նոր կառոյց ստեղծուի, որ աւելի վստահելի ըլլայ Սփիւռքի համար։
-Այո՛, կառոյցը պէտք է փոխուի, պետութիւնը պէտք է դուրս գայ ղեկավար կազմէն։
–Ի՞նչ պէտք է ընէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը Սփիւռքի հետ առաւել սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու համար։
-Իշխանութիւնները պէտք է հիմնադրամի ղեկավարութիւնը յանձնեն Սփիւռքին։ Իշխանութիւնները ընդհանրապէս պէտք չէ խառնուին Սփիւռքի գործերուն, որովհետեւ ծանօթ չեն Սփիւռքին։ Սփիւռքը շատ աւելի լաւ գիտէ Սփիւռքի հարցերն ու լուծումները։
