Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Արտօնեալ Գործարարներ Պիտի Չըլլան. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը բացառէ, որ երկրին մէջ ըլլան արտօնեալ գործարարներ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին վարչապետը յայտարարած է ՀՀ կառավարութեան յարկին տակ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ժամանակ:

Խօսելով Հայաստանի մէջ ներդրումային հնարաւոր հոսքին մասին՝ վարչապետը ընդգծած է, որ կայ մեծ հետաքրքրութիւն, կան յստակ ծրագիրներ ու նախագիծեր, որոնց մասին, սակայն, իրենք պիտի յայտարարեն միայն այն ժամանակ, երբ անոնք անցնին անշրջելիութեան կէտը:

«Մենք պիտի ստեղծենք հնարաւորութիւններ, բնականոն որակի ենթակառուցուածքներ, օրէնքի առաջ բոլոր մարդոց հաւասարութիւն, տնտեսութեան ոլորտներու նկատմամբ հաւասար հասանելիութիւն, պիտի երաշխաւորենք ներդրումներու անվտանգութիւնը, բացառենք կաշառակերութիւնը»,- յայտարարած է Փաշինեան:

Վարչապետը նշած է, որ գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին մշտապէս կ՝ըսուի, որ անոնց առջեւ պիտի դնէ երկու խնդիր: «Ես կ՝ըսեմ, որ նախ՝ մենք կ՝ուզենք, որ դուք, կոպիտ խօսքով, դրամ շահիք: Մեր շահը այն է, որ դուք այդ ընթացքին ստեղծէք աշխատատեղեր ու վճարէք հարկեր: Որեւէ ուրիշ պարտաւորութիւն դուք չունիք: Ոեւէ մէկը՝ հարկայինէն, ոստիկանութենէն կամ այլ պետական մարմինէ, իրաւունք չունի ձեզի համար պարտաւորութիւն յառաջացնելու: Մենք ունինք մէկ պայման՝ կ՝աշխատիք օրինական դաշտի մէջ, բոլորի հետ հաւասար պայմաններով»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Ան նշած է, որ տեղեակ են, թէ կան խնդիրներ ստեղծող օրէնքներ, որոնք պէտք է միասին քննարկել ու փոփոխութիւններ իրականացնել: «Բայց օրէնքը պէտք է ըլլայ անառարկելի, եւ ասիկա պէտք է տարածուի բոլորի համար: Կը բացառենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ըլլան արտօնեալ գործարարներ: Այս է կառավարութեան ընելիքը: Մենք պատրաստ ենք բոլոր գործարարները ոգեւորելու, որ անոնք իրենց ինքնադրսեւորման համար նոր հնարաւորութիւններ տեսնեն: Մենք հիմա կը ստեղծենք հարթակ մը ազգային տնտեսական ներուժի դրսեւորման համար: Համոզուած ենք, որ այդ հարթակը պիտի ստեղծենք: Մենք պէտք է մարդոց ոգեւորենք, լիցք հաղորդենք, որ, այո՛, միասին ի վիճակի պիտի ըլլանք նոր տնտեսական ճեղքում ապահովելու»,- յայտարարած է Փաշինեան:

Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը կամ վարչապետը, իբրեւ այդպիսին, չի կրնար տնտեսութիւն զարգացնել, ան կրնայ ստեղծել հնարաւորութիւն, որ ազգային եւ ոչ միայն ազգային լաւագոյն ներուժը ներգրաւուի այդ գործին: «Մենք համոզուած ենք, որ մեր ժողովուրդը ունի այդ ներուժը»,- յայտարարած է կառավարութեան ղեկավարը:

 

Leave a Reply