Հայրենիքի Մէջ Ծնաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Անդրանիկ Գիրքը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ, Նոյեմբեր 7-ին կայացաւ սփիւռքահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» խորագիրով անդրանիկ գիրքին շնորհանդէսը։

Սոյն ժողովածուն կ՝ընդգրկէ հեղինակին տարբեր տարիներու գրած բանաստեղծութիւնները։ Հոգիի խռովք, լռութիւն, կեանքի ու սիրոյ խոհափիլիսոփայական ընկալումներ, պատերազմ ու ապրելու տենչ. այս ամէնը կը դառնան բառ ու տող եւ ընթերցողը կը ծանօթացնեն ժամանակակից գրականութեան մէջ նոր անունի մը հետ։

Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը իր առաջին գիրքով՝ վստահ, ինքնուրոյն քայլով կը մտնէ բանաստեղծական աշխարհ, եւ գիրքը, որ անոր երախայրիքն է, կը խոստանայ ունենալ շարունակութիւն…
Շնորհանդէսին ներկայ էին Համազգայինի եւ ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անդամներ, գրականագէտներ, գրողներ, գրքասէրներ։ Ներկայ էին ԱԺ ՀՅԴ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։

Բացման ու շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան` իր խօսքին մէջ անդրադառնալով մեր օրերուն սփիւռքահայ գրականութեան դերին եւ նշանակութեան, ինչպէս նաեւ հայ գրողի առաքելութեան՝ ճակատագրական պահերուն հայրենիքին ծառայելու եւ ազգային արժէքներու սերմանման գործին մէջ։
Միջոցառման բանախօսն էր գրող, գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական լեզուն, խօսքի վարպետութիւնն ու բանաստեղծական մշակոյթը` զայն գնահատելով ինքնեղ, համարձակ ու ժամանակի շունչին համընթաց։
Շնորհանդէսը շարունակուեցաւ գրողի հետ զրոյցով, որ կը վարէր «Թորոնթոհայ» ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան։ Զրոյցին ընթացքին ներկաները հնարավորութիւն ունեցան բացայայտելու բանաստեղծին խորունկ աշխարհը, անոր ընկալումները բառ ու բանի շուրջ, հոգեհարազատ թեմաներն ու գրական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոր մտորումները Սփիւռքի ու Հայրենիքի մէջ ստեղծուող ժամանակակից գրականութեան խնդիրներուն շուրջ։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք ըսաւ ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահբազեան։
«Պոեզիան հոգու կենսագրութիւն է։ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի պոեզիայի հերոսը աշխարհի թոհուբոհի մէջ մի կողմ քաշուած ու տարակուսանքով աշխարհի անցուդարձին եւ վայրիվերումներին նայող մարդն է։ Նրա բանաստեղծութիւնները խօսուն ու պատկերաւոր պատմութիւններ են` իրենց մէջ ամփոփելով նովելային արձակի շատ ու շատ տարրեր։ Սա բանաստեղծական կարեւոր հմտութիւն է»,- նշեց Շահբազեան։
Շնորհանդէսին սրտի խօսք ըսին նաեւ Լիլիթ Գալստեանը, Համահայկական գրողներու միութեան նախագահ Աբգար Ափինեանը, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի ճեմարանական ընկերները։
Ղուկասեանը իր մակագրութեամբ ներկաներուն նուիրեց ժողովածուն` խոստանալով շարունակութիւն եւ նոր գրական հանդիպումներ։
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ
