Հայ Դատի Յայտարարութիւնը՝ Սիւնիքի Մարզի Նկատմամբ Յառաջացած Անմիջական Սպառնալիքին Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, տարածաշրջանային մագլցումի պայմաններուն, ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի նկատմամբ ահագնացող սպառնալիքներուն առնչութեամբ։ Իրանաիսրայէլական հակամարտութեան ծիրէն ներս աշխարհաքաղաքական անկայունութիւնը խորացած է՝ ստեղծելով ազրպէյճանական յարձակողական գործողութիւններու յաւելեալ սպառնալիք, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Մենք կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան՝ անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու, որպէսզի կանխուի Հայաստանի դէմ հերթական յարձակումը։

ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւը բազմիցս յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի իրականացուի «անկախ Հայաստանի կամքէն»։

Ան պարբերաբար կը սպառնայ ուժ կիրառել այդ նպատակին հասնելու համար, իսկ 2022-ի Սեպտեմբերէն ազրպէյճանի զինուած ուժերը արդէն գրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի քան երկու հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Այս յայտարարութիւնները, Հայաստանի սահմաններուն իրականացուող զօրավարժութիւններու աւելնալուն ու Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներէն յառաջացած ուշադրութեան շեղման համակցութիւնը ակնյայտ սպառնալիք կը ներկայացնեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան համար:

Ստեղծուած իրավիճակին համար կարեւոր են հետեւեալ բնութագրիչներն ու անհրաժեշտ գործողութիւնները.

  1. ազրպէյճանի կողմէ թշնամանքի աճը. ազրպէյճանի շարունակական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ՝ Հայաստանը կանգնած է անմիջական սպառնալիքի առջեւ։ Իր այդ քաղաքականութեան համաձայն՝ ազրպէյճանը նպատակ ունի վերահսկողութիւն սահմանելու ռազմավարական տարածքներուն նկատմամբ՝ «տարածաշրջանային հաղորդակցութիւն» անուան տակ։ Այս առումով, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շինծու հիմնաւորմամբ Հայաստանի որեւէ տարածքի գրաւման ցանկացած փորձ պիտի հանդիսանայ միջազգային իրաւունքի խախտում։

2. Տարածաշրջանային մագլցումի վտանգը. Իսրայէլ-Իրան հակամարտութեան շարունակութիւնը կ՝աւելցնէ Հարաւային Կովկասի անվտանգային բնապատկերի բարդութիւնը։ ազրպէյճանի յարձակողապաշտ դիրքորոշումը՝ արտերկրեայ դաշնակիցներու աջակցութեամբ, կը մեծցնէ մտահոգութիւնը, որ Հայաստանը կրնայ ըլլալ թիրախ՝ տարածաշրջանային վերադասաւորման անուան տակ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ հանդէս գայ, որպէսզի կանխուի նման որեւէ ռազմական սադրանք։

3. Կոչ միջազգային անյապաղ գործողութիւններու համար. Մենք կը դիմենք Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան, յատկապէս անոր Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւններուն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ յատկապէս անոր հինգ մշտական անդամներուն ու Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դաշնակից եւ գործընկեր պետութիւններուն՝ կանխելու համար ազրպէյճանի կողմէ միջազգային հակամարտութիւնները շահագործելու ցանկացած փորձ՝ Հայաստանի նկատմամբ իր տարածքային յաւակնութիւնները իրականացնելու նպատակով։

Դիւանագիտական ճնշումներ ու յստակ գործողութիւններ պէտք է ձեռնարկուին՝ պաշտպանելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Նոյնանման դիմումներով հանդէս գալու եւ դիւանագիտական ու ռազմաքաղաքական զսպման մեքենականութիւններու ապահովման կոչ կ՝ընենք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն։

4. Ռազմական ու դիւանագիտական բարձր մակարդակի աջակցութեան անհրաժեշտութիւն. Հայաստանը կարիք ունի իր դաշնակիցներու եւ գործընկերներու ուժեղացուած աջակցութեան՝ հնարաւոր ցանկացած սպառնալիք կանխելու համար։ Մենք կոչ կ՝ընենք բարեկամ պետութիւններուն վերստին հաստատելու իրենց յանձնառութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ ապահովելով անվտանգութեան միջոցառումներ, դիւանագիտական լուծումներ ու ռազմավարական գործընկերութիւն։

Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը հաստատակամօրէն հաւատարիմ է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութեան։ Մենք կոչ կ՝ընենք միջազգային կազմակերպութիւններուն ու առաջնորդներուն հաշուի առնելու իրավիճակին լրջութիւնը, չանտեսելու իրական սպառնալիքները եւ ձեռնարկելու անյապաղ քայլեր՝ նպաստելու խաղաղութեան ու կայունութեան Հարաւային Կովկասի մէջ։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ