
Այս Ապօրինի Գործողութիւնները Կործանարար են եւ Կը Պահանջեն Համազգային Համախմբում. ԱԺ «Հայաստան» Խմբակցութիւն
ԱԺ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ ազգի մեծ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը այսօր, ի պատասխան վարչախումբի անբարոյ ոտնձգութիւններուն, հանդէս եկաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեամբ։
Անմիջապէս յաջորդեցին նիկոլ փաշինեանի հաշուէհարդարի սանձարձակ կոչերը գործարարին նկատմամբ եւ ուժային կառոյցներուն ապօրինի հրահանգներ իջեցնելը։
Տարածաշրջանի բացառիկ վտանգաւոր զարգացումներու ծիրէն ներս պետութեան կառավարման նման անթոյլատրելի եւ անպատասխանատու դրսեւորումներն ու ապօրինի գործողութիւնները կործանարար են եւ կը պահանջեն համազգային համախմբում։
17.06.2025 թ.