«Տան Ձայնը Հեռուից». Բարեգործական Ցուցահանդէս

Հայաստան

Առաջին անհատականը

“Kooyrigs” («Քոյրիկս») կազմակերպութեան ֆինանսաւորմամբ մայրաքաղաքի «Դալան» պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ AMAA-ի Երեւանի Աւետիսեան դպրոցի 12-րդ «ա» դասարանի աշակերտուհի Նարէ Առուշանեանի լուսանկարչական աշխատանքներու առաջին անհատական բարեգործական ցուցահանդէսը:

Դեռ երկու-երեք տարի առաջ ի՜նչ գիտնար Ստեփանակերտի թիւ 11 դպրոցի աշակերտուհի Նարէն, որ մանկութենէն իր այնքան սիրած եւ Արցախի Թումո կեդրոնին մէջ կատարելագործուած լուսանկարչական արուեստով՝ օր մը իր հարազատ եզերքի տարեգրութիւնը պիտի ստեղծէ եւ դառնայ այդ հայրենի տան ու անոր հերոսական մարդոց նորօրեայ վաւերագիրը:

Նարէի ցուցահանդէսը յիշեցում է Արցախէն՝ այնպիսին, ինչպիսին անիկա էր պատերազմէն եւ շրջափակումէն առաջ, ինչպիսին դարձաւ պատերազմի եւ շրջափակման ընթացքին։ Իւրաքանչիւր լուսանկար յուշ է՝ պահ մը, տուն մը, հայեացք մը, որոնք մնացին հեռուն, բայց անդարձ չջնջուեցան յիշողութենէն։

— Ես փորձել եմ պահպանել իմ հայրենի եզերքի պատմութիւնը, ինչպէս տեսել եմ այն իմ տեսախցիկից,- կ՝ըսէ Նարէն:

Ասիկա պատանի վաւերագրողի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է: Անիկա կը շարունակուի մինչեւ Մայիս 20 ներառեալ: Ներկայացուած է 35 լուսանկար: Ի դէպ, անոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի «Հայորդի» բարեգործական կազմակերպութեան, որ կ՝աջակցի զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներուն: Ցուցահանդէսի ընթացքին լուսանկարներ առնող այցելուներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներուն Նարէն նուիրեց Աւետիսեան դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեանի վերջին՝ «Սէր իմ Արցախ» ժողովածուն:

Մինչ այս, Նարէն մասնակցած էր լուսանկարչական խմբային ցուցահանդէսներու Հայաստանի, ՌԴ-ի, ԱՄՆ-ի մէջ (Նիւ Եորք), իսկ ներկայիս կը համագործակցի լրատուամիջոցներու հետ:

Այս պահուն պատանի լուսանկարչուհին կը պատրաստուի աւարտական քննութիւններու:

Յաջողութի՛ւն քեզ, Նարէ՛:

Աւետիսեան Դպրոց

https://avedisianschool.am/