
ազրպէյճան Անբաղձալի Համարեց Եւրոպական Խորհուրդի 76 Պատգամաւոր
ազրպէյճանի վարչակարգը անբաղձալիներու սեւ ցանկին մէջ ներառեց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (PACE) նախագահ, յոյն ծանօթ քաղաքական անձնաւորութիւն Թէոտորոս Ռուսոփուլոսը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Օր»-ը։
ալիեւի բռնատիրական վարչախումբը դիմեց հակաժողովրդավարական այս քայլին, երբ ԵԽԽՎ-ի նախագահը հարցազրոյց մը տալով Ալֆա Նիւս կայանին, ազրպէյճանի նախագահը որակեց որպէս բռնակալ։
ազրպէյճան հակազդեց Ռուսոփուլոսի յայտարարութիւններուն, անբաղձալի նկատելով եւրոպացի քաղաքական այրը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի 76 այլ անդամներ, բոլորը դատապարտելով որպէս քաղաքական յիմարութեան մէջ ինկած եւ հոգեպէս խանգարուած անձեր։
Այն պահուն, երբ Եւրոպական միութեան ղեկավար շրջանակները ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութեան լայն ճամբաներ բացած են ազրպէյճանի հետ՝ յաճախ անտեսելով երկրի բռնակալ վարչակարգի ապօրինութիւնները եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէն ներս՝ հետաքրքական է տեսնել, թէ ինչպէս պիտի հակազդեն Եւրոպական խորհուրդի նախագահին դէմ ուղղուած դիւանագիտական արգիլումներուն։
Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի ազրպէյճանի հանդէպ յայտարարութիւնը հաստատումն է Եւրոպական խորհուրդին մէջ կազմաւորուած ծանօթ պատկերին, որ սակայն զոհ կը դառնայ ուժանիւթի մեծապետական հաշիւներուն։