
Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով Խնդրագիր՝ Ուղղուած ԵԱՀԿ Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներուն
ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած հայ պատանդներու ազատ արձակման նպաստելու համար ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը վեց լեզուով գործարկած է հարթակ մը, որուն միջոցով հնարաւոր է դիմել ԵԱՀԿ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ վերջիններուս կոչ ընելով ձեռնարկելու ԵԱՀԿ-ի իրաւասութեան ներքոյ գտնուող մեքենականութիւններ, որոնք թոյլ պիտի տան տեղւոյն վրայ մոնիթորինկի ենթարկելու դատավարութիւններուն օրինականութիւնը, հայ գերիներու պահման պայմաններն ու անոնց առողջական վիճակը եւ հանդէս գալու համապատասխան քաղաքական դիրքորոշմամբ։
Իւրաքանչիւր օր կարեւոր է մեր գերիներու կեանքին համար: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ՝ դադրեցնելու մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու ազատ արձակելու անօրինական կերպով կալանաւորուած բոլոր բանտարկեալները:
Կը խնդրենք ստորագրել այս խնդրագիրն ու օժանդակել պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման:
Խնդրագիրը կարելի է ստորագրել հետեւեալ յղումով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք խնդրագիրին ամբողջական նիւթը։
Ձերդ Գերազանցութիւն,
Քաղաքական ընդդիմադիրներու, անկախ եւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու աճող ճնշման, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի մէջ միջազգային ու մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու պայմաններու մէջ, ԵԱՀԿ մասնակից երկիրները, որոնք հանդէս կու գան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, այլեւս չեն կրնար անգործութիւն ցուցաբերել։
Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան շարք մը կառոյցներ, տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու խորհրդարանական մարմիններ ու Եւրոպական խորհրդարանը տասնեակ բանաձեւերով կոչ կ՝ընեն անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։
Յատկապէս անյապաղ անհրաժեշտութիւն կայ ստեղծելու փորձագէտներու յանձնաժողով՝ ուսումնասիրելու եւ զեկուցելու այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք գնահատուած են որպէս ԵԱՀԿ-ի մարդկային հարթութեան (Human Dimension) յանձնառութիւններու կոպիտ խախտումներ ազրպէյճանի հանրապետութեան կողմէ։ Առաջնային ուշադրութիւն պէտք է դարձնել քաղաքական ընդդիմադիրներու եւ քաղբանտարկեալներու ձերբակալման, կալանաւորման եւ դատավարութեան պայմաններուն, ինչպէս նաեւ այն գործելակերպին, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հայ կալանաւորներուն։ ազրպէյճանական գործողութիւնները ատելութեան եւ ռասայական խտրականութեան ակնյայտ դրսեւորումներ են։
ԵԱՀԿ համապատասխան առաքելութիւնը պէտք է գնահատէ ազրպէյճանի դատաիրաւական գործողութիւնները հաշուի առնելով այդ պետութեան, որպէս ԵԱՀԿ անդամ, յանձնառութիւնները։
Այս նպատակով մենք կը դիմենք Ձերդ գերազանցութեան, որպէսզի վճռական քայլեր ձեռնարկէք՝ ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի, Մարդկային հարթութեան յանձնախումբի (Human Dimension Committee) եւ ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւններու աջակցութեամբ, 1991 թ․ Մոսկուայի փաստաթուղթի 12-րդ կէտով սահմանուած գործիքակազմի՝ Մոսկուայի մեքենականութեան կիրառման համար, որ արդէն իսկ եղած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ Պելառուսիոյ մէջ։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
04 Ապրիլ 2025թ․