Փառանձեմ Տիւքէնճեան-Քէլեանի «Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» Հատորի Ներկայացում Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Փառանձեմ  Տիւքէնճեան-Քէլեանի «Խոհագրեր մեր խոհանոցէն» հատորին ներկայացումը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Լալիկ Խօշեան, որ դիտել տուաւ, թէ գիրքը իւրայատուկ եւ կենսական իրագործում մըն է, իսկ ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութեան վարքագիծը եղած է մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող փնտռուած երեւոյթներու որոնումը:

«Բոլոր ժամանակներուն  փնտռտուքի առարկայ եղած է աւանդական կամ աւելի ճիշդը` տոհմիկ ճաշերու պատրաստութիւնը, ինքզինք հարստացնող եւ ինքզինք պարտադրող ուղեցոյց գիրքը, որուն մէկ անկրկնելի նմուշը, իր լրիւ թարմութեամբ, այսօր մեր սեղանին վրայ է», նշեց ան` դիտել տալով, որ Փառանձեմ  Տիւքէնճեան-Քէլեանի նոր լոյս տսած «Խոհագրեր մեր խոհանոցէն» հատորը, որ արգասիքն է հինգ տարիներու  ճգնաջան աշխատանքի, բայց մանաւանդ` իր երեք զաւակներու գործնական ու բարոյական քաջալերանքին:

Լ. Խօշեան դիտել տուաւ, որ գիրքը ոչ միայն խոհարարական եղանակներու մանրամասն նկարագրութիւն է, այլ իւրաքանչիւր բաղադրատոմս նուիրուածութեամբ մշակուած եւ հեղինակին հմտութիւններով եւ վարպետութեամբ մատուցուած է, այդպիսով խոհարարութիւնը կը դառնայ ոչ միայն անհրաժեշտութիւն, այլ` իսկական արուեստ:

Ան խօսքը եզրափակեց` յոյս յայտնելով, որ այս հատորը կ՛ոգեշնչէ մեզ, կ՛օգնէ գտնելու նոր նախասիրութիւններ ու պատրաստել նոր ճաշատեսակներ, որոնք կ՛ուրախացնեն մեր ընտանիքն ու բարեկամները:

Գիրքը ներկայացուց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ նկատել տուաւ, թէ գիրքին մէջ տեղ գտած խորագիրները հեղինակին ընտանեկան յարկին տակ պատրաստուած, ճաշակուած, փորձուած եւ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին ընտանիքին ընկերացած ճաշեր են, նշելով, որ գիրքին մէջ կը գտնուին ամենապարզ բաղադրատոմսերէն մինչեւ պատրաստութեան համար ժամանակ խլող ճաշեր:

«Հեղինակը մեզի կարելիութիւն կու տայ ճամբորդելու խոհարարական անծայրածիր աշխարհին մէջ: Իւրաքանչիւր բաղադրատոմսի սկիզբը գրի առած է ներածութիւններ եւ յատուկ նոթեր, որոնց միջոցով նախապէս կը զգուշացնէ մեզ այն սխալներէն, որոնք կրնան պատահիլ, բայց եւ այնպէս, շեշտելով` «չյանձնուի՛ք», յայտնեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան նշեց, որ գիրքը բաղկացած է 10 մասերէ, 100-է աւելի բաղադրատոմսերով, իւրաքանչիւր մասի սկիզբը տրուած են հետաքրքրական տեղեկութիւններ, ընտանեկան սովորութիւններ կամ աւանդութիւններ, կան նաեւ խոհագիրներ, որոնք փոխ առնուած կամ ժառանգուած են մօրմէն ու կեսուրէն: Հոն կան նաեւ Մուսա Լերան յատուկ աւանդական ճաշեր, որոնք արդիական ոճով մատուցուած են:

Սնապեան դիտել տուաւ, որ այդպիսով, նաեւ գիրքին ճամբով սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին մեր ճաշատեսակները, մանաւանդ` աւանդականները: Ան նշեց, որ գիրքին հեղինակը  իր սէրը ցոյց կու տայ խոհանոցին նկատմամբ: Ըստ անոր, գիրքին կողքն ու ներքին ձեւաւորումը շատ գեղեցիկ են, աչքառու է նաեւ չափը: Հոյակապ աշխատանք տարուած է նկարներուն համար, իրենց իսկ տան մէջ նկարահանուած, որոնց որակն ու ճաշակաւոր ձեւաւորումը աւելի ախորժաբեր դարձուցած են ճաշերը:

Խօսքի աւարտին Թամար Սնապեան-Սուրճեան նշեց, որ հեղինակը գիրքը ձօնած է Պօղոս Քէլեանի: Շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն եւ հեղինակին` ան ըսաւ. «Այս գիրքը հոգիի գիրք է, դուն հոգիդ դրած ես այստեղ: Կեցցե՛ս»:

Ապա գիրքին հեղինակը` Փառանձեմ  Տիւքէնճեան-Քէլեան, տեղւոյն վրայ պատրաստեց հատորի ծննդոցին ուրախ առիթով «Մղլի» անուշեղէնը եւ հիւրասիրեց բոլոր ներկաները: Այնուհետեւ ան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց գիրքի իրականացման եւ ձեռնարկի յաջողութեան սատարածներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորի վաճառք եւ մակագրում: