
«Եթէ Պարտութիւնը Հնարաւորութիւն Է, Ինչո՞ւ Են Պետութիւնները Ձգտում Յաղթանակի». Ընդդիմութիւնը` Փաշինեանին
Մինչ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում կ՛ունենար գաղութի «ներկայացուցիչներուն» հետ, շէնքէն դուրս կը կատարուէր բողոքի ցոյց մը` «Ժողովրդավարութիւնը շեղած է իր ուղիէն», «Գաղթականները մոռցուած են» եւ «Արցախը դաւաճանութեան ենթարկուած է» գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած երիտասարդներու կողմէ:
Իսկ ամերիկահայերուն հետ հանդիպումին ընթացքին Փաշինեանի կատարած քանի մը յայտարարութիւններ թիրախ դարձան Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան քննադատութեան:
«Եթէ պարտութիւնը հնարաւորութիւն է, պետութիւններն ինչո՞ւ են ձգտում յաղթանակի ու ոչ թէ պարտութեան», հարցուց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան՝ անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պնդումներէն մէկուն։ «Հարց է առաջանում` ինքն ինչպէ՞ս է նպաստել այդ պարտութեանը», ըսաւ ան։
Փաշինեան կառավարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՛ըսէ՝ «պարտութեան միջով անցնելով ձեռք ենք բերել անկախ, ինքնիշխան պետութիւն ունենալու հնարաւորութիւն»:
Ըստ Փաշինեանի` հիմա պէտք է կեդրոնանանք այդ զոհողութեան կարելիութիւնները օգտագործելու վրայ: «Ես չէի ուզի նաեւ, որ այս վերլուծութիւնների արդիւնքում գանք այն եզրակացութեան, որ մեր ընկած նահատակները, իրենց զոհողութիւնը ոչնչի մասին է եղել: Այդ զոհողութիւնները Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան համար են եղել, եւ մենք հիմա պարզապէս պէտք է կենտրոնանանք այդ զոհողութեան հնարաւորութիւնն օգտագործելու վրայ», կ՛ըսէ Փաշինեան:
«Եթէ պրիզման (պրիսմակը) այն է, որ Փաշինեանը կարծում է, որ պարտութիւնով ձեռք է բերուել ինքնիշխանութիւն, ուրեմն խոստովանում է, որ ինքը Արցախը դիտարկել է որպէս բեռ, որը խանգարել է իր պատկերացրած ինքնիշխանութեանը», ըսաւ Վարդանեան՝ աւելցնելով. «Եթէ մենք սկսենք մեկնաբանել` պարտութիւնը հնարաւորութիւն է, թէ` ոչ, պէտք է նայենք` աշխարհում ուրիշ ի՞նչ պետութիւն կայ, որ եթէ պարտութիւնը հնարաւորութիւն է պետութիւնների համար, ինչո՞ւ պետութիւնները չեն ձգտում պարտութեան, ձգտում են յաղթանակի եւ դրա վրայ են կառուցում իրենց պետականութիւնները»:
Ընդդիմութիւնը հարցուց նաեւ, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը ի՞նչ բերաւ Հայաստան՝ ենթակայութի՞ւն, թէ՞ ինքնիշխանութիւն: «Ինքնիշխանութիւնից կարո՞ղ է արդեօք խօսել այն ղեկավարը, ում օրօք տարածքներ են օկուպացւում (կը գրաւուին), սահմանները չեն կարողանում պաշտպանուել, եւ ում ժամանակ մի քանի ամիս առաջ Ալիեւն ասում է, որ Հայաստանը պէտք է նոր Սահմանադրութիւն ունենայ եւ դրա ուղղութեամբ աշխատանքները սկսի, եւ մի քանի ամիս յետոյ ինքը կրկնում է այդ յայտարարութիւնը եւ Հայաստանում սկսում է այդ գործընթացը: Արդեօք այդ ինքնիշխանութիւնն իր դէպքում ենթակայութիւն չէ՞, ու ենթակայութիւն Թուրքիային, Ադրբեջանին, որոնց բոլոր պահանջները, որոնք եղել են բանակցային սեղանին 30 տարի շարունակ, մենք հերթով տեսնում ենք հայ իրականութեան մէջ կատարուած»:
Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ «Save Armenia»ի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին արտաքին միջամտութեան մասին երկու տարբեր յայտարարութիւններ կատարելով՝ ըսաւ, որ Հայաստանի յարատեւութիւնը ապահովելու համար մեր տարածաշրջանին մէջ պէտք է կարենանք ապրիլ առանց արտաքին օգնութեան ու միջամտութեան, իսկ աւելի ուշ ըսաւ. «Եթէ հարցնէք, թէ որն է Հայաստանին աջակցելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցն ԱՄՆ տեսանկիւնից, կ՛ասեմ, որ Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան հասնելու օրակարգն ԱՄՆ քաղաքական վերնախաւի առաջնահերթութիւնների ցանկում ներառելը կը լինէր շատ կարեւոր»։
Խորհրդարանի ընդդիմադիր միւս` «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Փաշինեանին՝ իրերը կոչել իրենց անուններով: «Պարոն Փաշինեան, անկեղծ եղէք, մի ասէք` տարածաշրջան եւ այլն, ասէք` ես ուզում եմ Ռուսաստանին հեռացնել Հարաւային Կովկասից, այ էդ բանավէճի շուրջ արդէն սկսենք բանավիճել»։