Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կարեւոր Կը Համարէ Արցախահայութեան Վերադարձի եւ Ինքնորոշման Իրաւունքներու Ապահովումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի պաշտօնական շփումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայ Դատի յանձնախումբը ստացած է նախարար Ժոլիի գրութիւնը, ուր վերջինս առանցքային նշանակութեան շեշտադրումներ կատարած է արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային խնդիրներուն վերաբերեալ։

Մասնաւորապէս, պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի նախկին առաջնորդներու շարունակուող կեղծ դատավարութիւններուն անդրադառնալով՝ նախարար Ժոլին խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը եւ կոչ կ՝ընէ.

– ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ կամայականօրէն կալանաւորուած հայերու անվերապահ ազատ արձակում,

– Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանք,

– Հայ խաղաղ բնակիչներու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց հայրենի հողեր,

– Հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն,

– Արցախի հիմնախնդրի լուծումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործընթացին միջոցով՝ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտի սկզբունքներուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութեան համահունչ՝ ուժի եւ անոր սպառնալիքի կիրառման բացառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ծիրէն ներս։

Նախարար Ժոլիի այս դիրքորոշումը կը համապատասխանէ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։ Յանձնախումբը իր կողմէն ճշդուած քաղաքական առաջնահերթութիւններուն ծիրէն ներս կը շարունակէ աշխատանքը Գանատայի ինչպէս գործադիր, այնպէս ալ օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
30 Յունուար 2025 թ.