Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դէմ Կեղծ Դատավարութեան Երկրորդ Նիստը Աւարտած է

Աշխարհ, Հայաստան

պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայ գերիներու նկատմամբ կեղծ «դատավարութեան» երկրորդ նիստը։

Յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 27-ին։ Այդ օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ դատաքննութեան երկրորդ նիստը:

Նշենք, որ պաքուի մէջ որոշում կայացուած է երկու առանձին, այսպէս կոչուած, դատավարութիւն իրականացնելու։

Մէկ գործով «մեղադրեալներ»ուն մէջ են Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը եւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը ու այլ հայորդիներ:

Միւս գործը կը վերաբերի Ռուբէն Վարդանեանին, անոր գործը առանձնացուած եւ կ՝ընթանայ առանձին վարոյթով: Նախորդ նիստին փաստաբանները միջնորդած էին միացնել գործերը, որ մերժուած էր, սակայն 2-րդ միջնորդութիւնը բաւարարուած էր ու 10 օր ժամանակ տրամադրուած Ռ. Վարդանեանին ու անոր փաստաբաններուն՝ գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար։