
Ամօթ ՄԱԿ-ին, Ոմն ալիեւ Ձեր Հանդէպ Արհամարհանքով Կը Խօսի, փաշինեանն ալ կ՝ըսէր՝ Վտանգ Չկայ․ Լարիսա Ալավերդեան (տեսանիւթ)
«Ամօթ ՄԱԿ-ին, ոմն ալիեւ ձեր հանդէպ արհամարհանքով կը խօսի, փաշինեանն ալ կ՝ըսէր՝ վտանգ չկայ։ ՄԱԿ-ը չի կրնար անտարբեր մնալ, երբ որեւէ պետութիւն չի կատարեր ստանձնած պարտաւորութիւնը»,- այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, ըսած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան։
Յիշեցնենք, որ այսօր՝ Յունուար 17-ին, պաքուի մէջ մեկնարկած է հայ գերիներու՝ ներառեալ Արցախի նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնը:
Մանրամասն՝ տեսանիւթով․
Լուսանկարը՝ Tert.am-ի