«Զորն Ասեմ, Զորն Խոստովանիմ»․ Սոնա Մատարեան
Վերջերս հայ քաղաքական դաշտն ու անոր յառաջացուցած խորխորատը՝ իր կարգին, իսկ մեր հայրենիքի ու ազգի արժեհամակարգին «կործանում»ը, «ցաւ ի սիրտ»՝ իր կարգին…:
Ներկայիս, յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական յառաջընթացը, որ կը ծաւալի ու կը թաւալի մեր շուրջ եւ «մեր» իսկ գլխուն վերեւ, մտահոգիչ է մեր բոլորին համար, որպէս շնչող ու գործող մարդ անհատ(ներ), սակայն մեր հայրենականն ու ազգայինը, թոյլ տուէք ըսելու, մեզի համար կը մնան եւ պէտք է մնան՝ կենսական ու առաջնահերթ մտահոգութիւնը:
Միջազգային լուրերը կը հետաքրքրեն ու կը մտահոգեն մեզ բոլորս որպէս աշխարհաքաղաքացիներ․ առաւել եւս, յաւակնութիւնը ունիմ ըսելու, որ զուտ քաղաքական «տրամա» մըն է, որ կը զբաղեցնէ մարդկութիւնը, սակայն մեր հայրենիքի ու ազգի մտահոգութիւնները մեր ամենօրեայ «ցաւ»ը դարձած կը խարազանէ մեր միտքն ու հոգին…
«Զորն ասենք, զորն խոստովանինք»..:
Արդարացուցիչ տուեալները յաճախ խաբուսիկ եւ «թմրեցնող» են, որոնք կը շեղեն մեր մտավախութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ առաւել եւս կը տկարացնեն անոնց լուծումներ որոնելու մեր տեսլականը, կամքն ու աշխատանքը:
Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող (օրը նոր, բանը նոր) եւ կամ յաճախակի կրկնուող բոլորիս «ծանօթ» եւ «անծանօթ» ընկերաքաղաքական ընթացքը, ոչ միայն անընդունելի, այլ նաեւ դարձած է հոգեմտաւոր ախտ եւ վիրաւորանք իւրաքանչիւր հաւատաւոր ազգային անհատի համար, որուն սիրտն ու միտքը հայրենիքի բազում «ախտերով կը տառապին» վերջերս..:
Վա՜յ քեզ ժողովուրդ, երբ ազգդ եւ հայրենիքդ, սակայն եւ, առաւել եւս, ընտրութեան իրաւունքդ փակուղիի մէջ կ՛օրօրայ..:
Մինչե՛ւ ե՞րբ, մինչե՛ւ ե՞րբ..:
Ժողովրդական համեստ եւ բարեմիտ ասացուածքով տարուած ենք մե՛նք այսօր, ինչպէս նաեւ տարուած է մեր ազգ-ա-քաղաքական բեմահարթակը, ուր յաճախ նոյն յանկերգն է, որ կը լսուի՝ «Չարեաց փոքրագոյնը» ըսելով եւ այդպէս մեր ազգային ու քաղաքական (ունեցած եւ դեռ ունենալիք) բարձունքը տապալեցինք առաւել «խոր անդունդ»ներով..:
Վա՜յ մեզ, վա՜յ եւ վա՜յ քեզ մեր ժողովուրդ…:
Միւս կողմէ, երբ այսօր աշխարհով մէկ հայ անհատներ, փայլուն ձեռքբերումներով կը յաջողին ու կը բարձրանան եւ գիտութեան ու արուեստի աշխարհահռչակ պաստառներու վրայ տեղ կը գրաւեն համայն մարդկութեան պատմութեան էջերով… իսկ «Մե՞նք»… Մե՛նք, հայուն իւրայատուկ «մեքենայական» կիրքով անմիջապէս կը հպարտանանք եւ կը յոխորտանք… բայց յետո՞յ… յետոյ ի՞նչ, արդեօ՞ք բաւարար է, լոկ անհատական յաջողութիւններով հպարտանալ եւ գոհանալ, իսկ թէ ո՞ւր մնաց մեր հաւաքական բարձունքն ու փայլքը… անհասկնալի մնաց:
Հետեւաբար, մենք մեզ կրկին ու կրկին, ինչո՞վ պիտի փաստենք գալիք ժամանակներու նորանոր թաւալումներով, որպէս դարաւոր ժողովուրդ եւ մշակոյթով հարուստ ազգ մը, որ ժառանգած եւ բազմապատկած է իր դիրքը, ազգերու պատմութեան մէջ դրոշմելով իր դարաւոր պատմամշակութային վերելքն ու ժառանգութիւնը, եւ որ ցաւօք, երբ այսօր մեզ հալածող պետութիւնները ո՛չ միայն կ՛աշխատին չքացնել զայն, այլ նաեւ մե՛ր մէջ ազգային հպարտութեան կիրքն զայն նորոգելու կամքը կը սպանեն… հապա եթէ՞ անոնք յաջողին… ի դէպ, յիշելով մեր մեծ գրող Րաֆֆիի «Կայծեր» վէպը, ուր հեղինակը դիմելով հայ գիւղացիներուն, թէ «հալալ է թշնամիին, ան իր արդար գործը «թշնամանք»ը կ՛ընէ, իսկ դո՛ւք, դուք ի՞նչ կ՛ընէք դուք ձեզի եւ ձեր ժողովուրդին, ձեր «գիւղին» համար…»:
Ահա այն ատեն միայն՝ «Վա՛յ եւ վա՛յ..․ եւ հազա՜ր ափսոս, մե՛զ, ազգովին»:
Յուսահատութիւն մը չէ, որ կը փոխանցեմ, այլ իրականութիւն մը, որուն համար ազգածաւալ մտածողութիւն եւ համագործակցութիւն հա՛րկ է ապահովել, որպէսզի միասնական համոզումով եւ աշխատանքով ծրագրուինք ու տարուինք աշխատանքի:
Վերջապէս, ուշ քան երբե՛ք, «ազգային միասնական ծրագիր» մը պէտք է մշակել եւ իրականացնել՝ հայրենիք-Սփիւռք միասնական ջանքերով եւ համագործակցութեամբ եւ մեր միասնական ջանքերով ու ամէն գնով՝ պէտք է իրականացնենք զայն, որպէսզի նոր շունչ եւ աւիշ փոխանցենք նաեւ մեզ յաջորդող սերունդներուն, որոնք այսօր, ցաւ ի սիրտ, մէկ մասը շուարած, միւս մասը արդէն յուսահատած, «մեր» նախորդներուս, կեցուածքն ու արարքները կը մեղադրեն՝ իրենց վայել, զարմանալի երիտասարդ «իմաստութեամբ»…
Հաստատապէս, այս պէտք չէ ըլլայ ու մնայ մեր ներկան եւ ապագան…:
Յիշելով հայ բանաստեղծութեան «նահապետ» Ա. Իսահակեանի «Ռազմակոչ»ը.
«Էյ հէ՜յ, լսեցէք. վե՛հ հայրենիքի կտրիճ զաւակներ,
Ելէ՛ք, զարթնեցէ՛ք, կանգնեցէ՛ք արթուն.
Գիտցէ՛ք, քնում են գետերն ու քամին,
Սակայն չի քնում երբեք թշնամին»:
Հայրենիքն ու անոր արժեհամակարգը փրկելու եւ պահպանելու համար, դոյզն աշխատանքն կամ բարեփոխումն իսկ երբե՛ք ուշ չէ.․.: